Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին նախօրեակին, հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց Եռաբլուր պանթէոն:
Ան յարգանքի տուրք մատուցեց հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: