Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժըպրան Թուէյնիի Սպանութեան Ժդ. Տարելիցի Նշում

December 9, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի սպանութեան ԺԴ. տարելիցին առիթով, երէկ Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժաուըրժիոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը` ներկայութեամբ անոր ընտանիքին եւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններու եւ պաշտօնատարներու:

Աուտէ եպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այն, ինչ որ պատասխանատուները վախցուցած է եւ կը շարունակէ վախցնել, իրաւունքն է եւ ճշմարտութիւնը: «Անոնք կը վախնան ցաւող եւ սոված ժողովուրդին ձայնէն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայրենասէրի ձայնէն», ըսաւ ան:

Աուտէ եպիսկոպոսը աւելցուց, որ Ժըպրանը սպաննողները ուզեցին լուռ պահել զայն, որպէսզի ան սիրտերուն եւ միտքերուն խաւարին մէջ ննջած ճշմարտութիւնները չարթնցնէ, «եւ պատահական չէր, որ ան աքլորը որդեգրած էր իբրեւ խորհրդանիշ», նշեց ան:

Աուտէ եպիսկոպոսը ընդգծեց, որ իրաւունքն ու ճշմարտութիւնը վախճան չեն ունենար, այլ` աւելի հզօր կերպով կ՛արձագանգեն:

«Այսօր Լիբանան կը ղեկավարուի մէկ անձի կողմէ, որուն լաւ կը ճանչնաք, եւ ոչինչ կ՛ըսէք: Լիբանան կը ղեկավարուի այն բազմութեան կողմէ, որ զէնքով կը պաշտպանուի», ըսաւ ան` հարց տալով, որ արդեօք պատասխանատուները չե՞ն լսեր ժողովուրդին արդարացի պահանջները եւ անոնց խաղաղ ու քաղաքակիրթ ցոյցերը:

Ռաատ Կը Պատասխանէ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ պատասխանելով Աուտէ եպիսկոպոսին յայտնեց, որ ոմանք կը հաստատեն, որ երկիրը զէնքի ուժով եւ մէկ անձի կողմէ կը ղեկավարուի: «Այս անձին եւ անոր իմաստութեան նկատմամբ մեր բոլոր յարգանքով, եւ իմանալով հանդերձ, որ այդ անհատը իր գիտակցութեան շնորհիւ ինքն իրեն չ՛արտօներ երկրին առանձինն իշխելու, որովհետեւ գիտէ, որ երկիրը այլ բաղադրիչներ ունի, կը նշենք որ նման յայտարարութիւններ կատարող կողմեր կը փորձեն տագնապին իսկական պատճառները մոռցնել տալ եւ արդարացնել Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը թիրախ դարձնելու փորձերը: Այս յայտարարութիւնները անմեղ չեն եւ զանոնք արտասանողները անմեղ չեն», ըսաւ Ռաատ:

Ան աւելցուց սակայն, որ հակառակ այդ յայտարարութիւններուն, իրենք կառչած կը մնան Ազգային ուխտին, Թաէֆի համաձայնագիրին, Ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան եւ սիւննի համայնքի ամէնէն ականաւոր դէմքի վարչապետ նշանակումին:

Թուէյնիի Սպանութեան Տարելիցին Առիթով Յայտարարուած Կարգ Մը Կեցուածքներ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Ժըպրան Թուէյնիի յիշատակը մնայուն կերպով վառ կը մնայ իր մտքին մէջ, յատկապէս այս օրերուն:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ողջունեց Թուէյնիի յիշատակը` հաստատելով, որ ան կը մնայ ազատութեան սիրոյն զոհուած նահատակը:

Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ լիբանանցիները կը քալեն Ժըպրան Թուէյնիի երազին ուղիով: Ան աւելցուց, որ Լիբանան ազատագրուելու ընթացքին մէջ է:

Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն հաստատեց, որ Ժըպրան Թուէյնի կարողութիւնը ունեցած էր տարբեր հոսանքներու պատկանող լիբանանցիները իր շուրջ համախմբելու եւ բոլորին ըմբռնելու:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վարչապետի Նշանակման Այսօրուան Խորհրդակցութիւնները Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցան

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.