Երէկ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը` դատապարտելով օրեր առաջ Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ դաշնակցական երիտասարդներուն դէմ կիրարկուած բրտութիւնը.
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան` ազգային գաղափարախօսութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման առաջադրանքով կազմակերպած բողոքի նախաձեռնութիւններուն Հայաստանի ոստիկանութեան գործադրած անհամաչափ բռնութիւնն ու ուժով ցուցարարները ցրուելու գործողութիւնները: Այս գործելաոճը ո՛չ ժողովրդավարական եւ ո՛չ ալ մարդկային իրաւանց արժեչափերուն համապատասխան ու ընդունելի է:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին առաքելութիւնը, մեր համոզումով, պէտք է ըլլայ իր հովանաւորած ոլորտի զարգացման հոլովոյթին մէջ ներառել նոյն ոլորտի հիմնական շահառուն` երիտասարդութիւնը: Սակայն պարոն նախարարը նախընտրեց ոստիկանական մեծաթիւ ուժերով լռութեան պատ մը գոյացնել իր եւ բողոքի ահազանգ հնչեցնող, իր հայրենիքին ապագայով մտահոգ երիտասարդութեան միջեւ:
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀԵՄ-ի ընկերներուն` այսօր, աւելի քան երբեք, հաւատալով, որ ազգային, բայց միաժամանակ յառաջադէմ կրթութիւնը երաշխիքն է ապագայի ուժեղ հայրենիքին:



