Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայ մագլցումի իսկական սպառնալիք: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին ԵԱՀԿ-ի նախարարական ընդհանուր ժողովի ընթացքին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք:
Լայչաք նաեւ ամփոփած է անցնող տարին` մանրամասնելով, որ տարուան ընթացքին տագնապներու լուծման ուղղուած երկխօսութիւնը կայացած է Մինսքի խմբակի հոլովոյթի, Ժընեւեան բանավէճերու եւ 5+2 ձեւաչափի ծիրերուն մէջ:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ-ի յաջորդ նախագահող երկիրն է Ալպանիան: