Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ Վերցուեցաւ «Տաշիր Պիցցա» Ցուցատախտակը

December 6, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ նիւթական ժառանգութիւնը մեզի համար արժէք է, որուն պատշաճ խնամքը, արժեւորումը եւ փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն` բոլորիս պարտքն է: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Տաշիր պիցցա» ուտելիքի սպասարկման ցանցի տնօրէնութեան` իրենց նախաձեռնութեան ջերմօրէն արձագանգելուն եւ «Տաշիր պիցցա» ցուցանակը` Հանրապետութեան 37 հասցէին վրայ գտնուող երեւանեան պատմական շէնքին վրայէն վերցնելուն համար:

Այդ շէնքը, ուր այսօր կայ փիցցայի նշեալ ճաշարաններէն մէկուն մասնաճիւղը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը խորհրդանշող նիւթական մշակոյթի նմուշներէն է, ուր 1918-1920 տեղակայուած էր հանրապետութեան կառավարութիւնը, եւ այդ նոյն պատշգամէն, որուն տակը տարիներէ ի վեր կախուած էր «Տաշիր պիցցա» ցուցանակը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեան կարդացած է Անկախութեան հռչակագիրը` յայտարարելով Հայաստանի անկախութիւնը:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն, հանդէս գալով նշեալ ցուցատախտակը հանելու եւ զայն բոլորովին այլ բովանդակութեամբ ցուցատախտակով փոխարինելու նախաձեռնութեամբ, 2 հոկտեմբեր 2019 թուակիր նամակը ուղարկեց «Տաշիր պիցցա» տնօրէնութեան` խնդրելով հանել նշեալ ցուցանակը: Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գ. Մուշեղեանի ստորագրութեամբ յիշեալ նամակին մէջ նաեւ առաջարկուած էր տնօրէնութեան` նշեալ ցուցանակին փոխարէն հոն տեղադրել շէնքին ու պատշգամին պատմական արժէքը արտացոլացնող ցուցանակ մը կամ յայտարարութիւն մը:

«Երէկ մենք նոր նամակներով դիմել ենք ե՛ւ «Տաշիր պիցցա»-ի տնօրինութեանը` յայտնելով շնորհակալութիւն, ե՛ւ Երեւանի քաղաքապետին, որով առաջարկում ենք` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէին տալ թոյլտուութիւն, որպէսզի մենք Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան շէնքի, ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանի արձանի դիմաց սեփական միջոցներով տեղադրենք համապատասխան ցուցանակներ», յայտնեց Գ. Մուշեղեան:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահը նաեւ տարօրինակ նկատեց այն փաստը, որ վերջին շրջանին որոշ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ հրճուալից գրառումներ կ՛ընեն` յայտարարելով, որ նշեալ ցուցանակի հեռացումը կատարուած է սեփական քաղաքական ուժի նախաձեռնութեամբ:

«Եւ այսպիսի յայտարարութիւնների հեղինակները իշխանութեան ներկայացուցիչներն են, որոնց քաղաքական խմբակի անդամներն ամէն օր ոտնձգութիւններ են կատարում մեր ազգային արժէքների դէմ: Կարո՞ղ է ոեւէ մէկը հաւատալ, որ այլասերում քարոզող ներկայիս իշխանութիւնները կարող էին իրենց թոյլ տալ այնպիսի «ճոխութիւն», ինչպիսին Ա. Հանրապետութեան խորհրդանիշ հանդիսացող նիւթական արժէքների արժեւորումն է», զարմանքով իր խօսքը եզրափակեց Գ. Մուշեղեան:

Նախորդը

Կոմիտասի Ուղեղին Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ 129-ամեակի Տօնակատարութիւն Պուէնոս Այրեսի Մէջ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.