Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստինէ Վարդանեան Նախարար Յարութիւնեանին Յանձնեց 3 Դեկտեմբերին Ցուցարարներուն Հրապարակած Հրաժարականի Պահանջը

December 5, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան երէկ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրինագիծի քննարկման ընթացքին` խօսքը նախարարին ուղղելով, ըսաւ. «Յոյս ունիմ` երէկ հանգիստ քնացաք, որովհետեւ հարցեր քննարկելու պահանջով այստեղ եկած ուսանողներէն  24-ը յայտնուեցան բանտը»:

Քրիստինէ Վարդանեան նախարարին յանձնեց 3 դեկտեմբերի ցոյցին ընթացքին ցուցարարներուն հրապարակած հրաժարականի պահանջը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ չ՛ուզեր քաղաքական շահարկումներ ըլլան` նկատի առնելով, որ ինք կուսակցական է` աւելցնելով, որ վերջին շրջանին նման վատ գործելաոճ որդեգրուած է. «Եթէ կան հարցեր, ապա դուք գիտէք հասցէատէրերը»: Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու անկախութեան մասին խօսելով` Վարդանեան ըսաւ, որ եթէ նախարարութիւնը ատիկա կը փափաքի կատարել, ապա ինչո՛ւ այդ հաստատութիւններու կառավարման խորհուրդներուն մէջ նախարարութեան կողմէ նշանակուող մարդոց թիւը կ՛աւելնայ:

Զօրակցութիւններ` ՀՅԴ ՀԵՄ-ին

3 դեկտեմբերին ոստիկանական ուժերուն կողմէ խաղաղ ցոյց կատարող ՀԵՄ-ականներուն նկատմամբ բանեցուած բռնութիւնը, բիրտ վերաբերումը, ինչպէս նաեւ յանուն ազգային կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման պայքարի ելած երիտասարդներուն արդար բողոքի ձայնը բռնութեամբ լռեցնելու փորձը դատապարտեցին եւ անոնց արդար պայքարին զօրակցելու յայտարարութիւններ հրապարակեցին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնն ու ՀՅԴ Ռուսիոյ կազմակերպութեան պատասխանատու մարմինը: Վերջինը Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջեց զերծ մնալ բռնութենէն, ականջալուր ըլլալ հանրութեան արդար պահանջին եւ հրաժարիլ այն քայլերէն, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հարուած կը հասցնեն ազգային արժեհամակարգին ու ինքնութեան:

Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու միութիւնը եւս երիտասարդներուն դէմ կիրարկուած բռնութիւնը մերժող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց:

 

 

Նախորդը

Պրաթիսլաւայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Մնացականեան – Մամետեարով Հանդիպումը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Վաւերացուցած Են Հիւսիսային Մակեդոնիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Վերաբերեալ Արձանագրութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.