Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետը Մասնակցեցաւ Արտակարգ Իրավիճակներու Աշխատողի Օրուան Նուիրուած Շքերթին

September 5, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ մասնակցեցաւ Արտակարգ իրավիճակներու աշխատողի օրուան նուիրուած տօնական շքերթին:

Վարչապետը դիտել տուաւ, որ այս տարի մասնագիտական օրը կը նշուի առանձնայատուկ պայմաններու մէջ, երբ հրշէջ փրկարարներ հսկայական աշխատանք կը տանին հանրապետութեան ողջ տարածքին: «Կրնանք առանց չափազանցութեան արձանագրել, որ այս տարի փրկարար ծառայութեան աշխատողները, արտակարգ իրավիճակներու  աշխատողները, մեր հրշէջները իրենց անձնուրաց աշխատանքով հակակշիռի տակ առած են այնպիսի վտանգներ, որոնք կրնային մեր երկիրը եւ ժողովուրդը կանգնեցնել բաւական լուրջ աղէտներու դէմ յանդիման: Եւ ես կ՛ուզեմ այսօրուան առիթով անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել բոլորիդ ձեր կատարած անձնուրաց աշխատանքին համար: Կը մաղթեմ, որ յառաջիկային ալ այդ աշխատանքին մէջ ըլլաք նոյնքան նուիրուած», ըսաւ վարչապետը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ արտակարգ իրավիճակներու աշխատողներու ընկերային պաշտպանուածութեան եւ երաշխիքներու խնդիրին, նաեւ զանոնք զինէ անհրաժեշտ սարքաւորումներով, որպէսզի կարենան իրենց աշխատանքը լիուլի կատարել: Ան ընդգծեց, որ փրկարար ծառայութեան դերը օրէ օր կ՛աւելնայ նաեւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, որովհետեւ անոնց եղած դիմումները կը բազմանան:

Այնուհետեւ վարչապետը հետեւեցաւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ փրկարար ծառայութեան ստորաբաժանումներու հանդիսաւոր քայլերթին եւ ցուցադրական վարժանքներուն: Այս առիթով նաեւ կատարուեցան պարգեւատրումներ:

 

Նախորդը

Քոչարեանի Պաշտպաններուն Վիճարկած Յօդուածներէն Մէկը` Հակասահմանադրական

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արցախը Պղտոր Ջուրի Մէջ Ձուկ Որսալու Տեղ Չէ»

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.