Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

December 29, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգելու համար իր աւանդութիւնը` Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի ծնողական խորհուրդը կազմակերպած էր ամանորի հանդիսութիւն մը, վարժարանի սրահին մէջ, 20 դեկտեմբեր 2011-ին:

Բազմաթիւ մայրեր եւ հիւրեր ընդառաջած էին հրաւէրին, սրահը լեցուած էր, եւ տօնական օրերու երաժշտութիւնը մթնոլորտը կը ջերմացնէր: Սեղան յարդարուած էին չիր ու չամիչով, որով կը փոխանցէր Կաղանդի խորհուրդը:

Հանդիպումին բացման խօսքը ծնողական  խորհուրդին անունով ներկայացուց Իսկուհի Գափլանեան, բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորեց ներկաները, ապա յայտնեց ձեռնարկին նպատակը, որ ի նպաստ վարժարանի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն էր: Ան շեշտեց հայ վարժարանին կարեւորութիւնը հայապահպանման մարզին մէջ, մասնաւորաբար` մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը, որ կը տրուի միայն հայկական վարժարանին մէջ:

Հանդիսութիւնը հայկական երաժշտութեան ու երգերու ունկնդրութեամբ, ամանորի մօտալուտ օրերու ուրախութիւնը կ՛աւետէր: Իր սրտի խօսքը արտայայտելու հրաւիրուեցաւ Շահանդուխտ, որ գալիք Նոր տարիով նորոգուելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց: «Անցեալին» կատարուած կամայ-ակամայ սխալները սրբագրելու եւ նման թերութիւններ չկրկնելու կոչ ըրաւ: Մայրերուն թելադրեց կապուած մնալ հայ դպրոցին, որ հայակերտումի, ազգապահպանման միակ կենսատու կրթական օճախն է. ապա անդրադարձաւ նոր սերունդին ուղիղ ճամբաներ ցոյց տալու ծնողական պարտաւորութեան: Լաւատեսութեամբ եւ ոչ թէ յոռետեսութեամբ մեկնաբանեցէք  ստեղծուած տագնապները, առանց տրտունջի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ապրած է շատ տագնապալի տարիներ եւ` յաղթահարած: Կարեւորը հայ ապրիլն է` հայկական անուններով, հայ լեզուով, հայ երգով, հայկական պարերով ու աղօթքով, ապա շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին:

Ներկաները հիւրասիրուեցան ճաշով: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` աշակերտներու կողմէ Կաղանդի յատուկ երգերով:

Վարժարանի մանկապարտէզի պատասխանատու Իրմա Ճերեճեան ներկաներուն փոխանցեց իր մաղթանքները, յայտնելով, թէ վարժարանը իր լաւագոյնը կը կատարէ հայ մանուկը դաստիարակելու հայաշունչ մթնոլորտի մէջ:

Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ`  յօգուտ վարժարանին: Հուսկ, եկաւ Կաղանդ պապան, որ զուարճացուց ներկաները իր պարով եւ նուէրներով:

Օրուան յայտագրին վերջին բաժինը յատկացուեցաւ վիճակահանութեան, որմէ բախտաւորուեցան բազմաթիւ մայրեր:

Լաւ կազմակերպուած եւ առիթը յատկանշող ձեռնարկ մը, որ գոհունակութիւն պարգեւեց ներկաներուն:

Նախորդը

Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԻ 70 ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ «Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ»

Յաջորդը

ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.