Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

August 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր երէկ Նաքուրայի եւ Սուրի վերեւ թռիչքներ ու կեղծ յարձակումներ գործեցին` ոտնձգութիւն գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ:

Միւս կողմէ, Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը շարունակեցին իրենց շրջուն ջոկատներով հսկել սահմանային խաղաղութեան:

Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել, որ Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ գիշեր գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին մէկ տարիով երկարաձգեց հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը եւ անոր յատկացուած պիւտճէն կրճատելու կարելիութիւնները, որոնք սակայն ի դերեւ ելան, եւ Լիբանանի պահանջով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կատարուեցաւ մէկ տարիով` առանց կրճատելու միջազգային խաղաղապահ ուժերուն թիւը կամ անոնց յատկացուած պիւտճէն:

Ապահովութեան խորհուրդը զգուշացուց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ նոր առճակատումէ մը:

Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Ֆրանսայի բանաձեւը, որուն մէջ զգուշացում արձանագրուած էր, որ ոտնձգութիւններն ու զինուորական գործողութիւնները կրնան բռնկեցնել ճակատը` աւելցնելով, որ այդ իրավիճակը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:

Բանաձեւին մէջ դատապարտուեցան սահմանային Կապոյտ գիծը խզող ցամաքային եւ օդային բոլոր ոտնձգութիւնները:

Ապահովութեան խորհուրդը բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղեց:

Երէկ երեկոյեան վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Հարիրի հաստատեց, որ Իսրայէլ ամբողջական պատասխանատուն է Հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած բռնարարքներուն:

«Իսրայէլ յարձակում գործած է Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն դէմ, որոնց բնակչութիւնը մեծ է: Ան 2006-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ նման բռնարարք կը գործէ, անկախ այն իրականութենէն, որ մնայուն կերպով թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը կը խախտէ», շեշտեց վարչապետ Հարիրի:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ այս արարքը, որ կը սպառնայ Լիբանանի խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան, որոնք կը տիրեն 13 տարիէ ի վեր: Ան ըսաւ, թէ Իսրայէլի կողմէ որեւէ մագլցում կը սպառնայ շրջանը պատերազմի մէջ ներքաշել, եւ այդ պարագային միջազգային ճնշումներու աւելի խիստ կարիքը պիտի ըլլայ` Իսրայէլի վրայ խաղաղութիւնը պարտադրելու նպատակով:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան աւարտին Հարիրի եւ Կութիերես համաձայնեցան խորհրդակցութիւնները շարունակել, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնել` ապահովական որեւէ մագլցում արգիլելու համար:

Նախորդը

Չինաստանի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Կը Քննարկէ Զբօսաշրջական Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակին Առիթով . Նախագահ Աուն Այսօր Երեկոյեան Լիբանանցիներուն Պիտի Ուղղէ Իր Պատգամը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.