Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ գործակցութեամբ տեղահանուածներու հարցով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն խորհուրդին, 787 սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձան իրենց գիւղաքաղաքները:
Սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովուեցաւ Մասնաայի, Քաայի, Ապպուտիէի, Արսալի եւ Զամարանի անցքերուն միջոցով:
Թրիփոլիի մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաշիտ Քարամէի անուան միջազգային համալիրին մէջ մեծ թիւով տեղահանուածներ համախմբուեցան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ցուցմունքներուն հետեւելով կատարեցին փաստաթուղթերու ստուգման յատուկ գործառնութիւնները եւ ուղղուեցան դէպի փոխադրակառքերը, որոնցմով պիտի փոխադրուէին Սուրիա:
Սայտայի, Հասպայայի, Ապպուտիէի, Նապաթիէի եւ Պուրճ Համուտի մէջ պատկերը նոյնն էր:
Թրիփոլիէն Սուրիա ուղղուող տեղահանուածները օգտագործեցին Տապպուսիէի եւ Արիտայի սահմանները:
Իսկ այլ շրջաններէ սուրիացի տեղահանուածներ Սուրիա վերադարձան Մասնաայի եւ Ժտայտեթ Եապուսի սահմանէն:



