ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ իրաւունքները իրաւատիրոջ վերադարձնելու եւ բարգաւաճումը աշխուժացնելու, որպէսզի հողային կալուածներու վաճառք չկատարուի:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերահաստատելու եւ վերջ տալու ինքզինք զանց կացուցելու թատրոնին:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպին, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի վերաբերող վարչական եւ բարգաւաճման շարք մը հարցեր:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ Իսրայէլի դէմ պատասխանը հաւանական է, այնքան ատեն որ անոր հետ դժուար է դիւանագիտական լուծումներու յանգիլ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Իսրայէլի դէմ յարձակումը պետութեան պատասխանատուութիւնն է: Հանդիպումը կոչ ուղղեց նաեւ լուծումներ գտնելու երկրին տնտեսական տագնապին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը փաստած է, որ արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան տարազ է:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ նոր տարուան առիթով Դրամատուներու միութիւնը որոշեց շաբաթ, 31 օգոստոս եւ երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին բոլոր դրամատուներուն դռները փակ պահել` իբրեւ պաշտօնական արձակուրդ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:


