Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, թէ Ռուսիայէն գնուած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու երկրորդ խումբի Թուրքիա մատակարարման հոլովոյթը պիտի սկսի 27 օգոստոսին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ տուվար» լրատուամիջոցը:
Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ մատակարարման համար կը կատարուին անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներ:



