Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յանուն Ամուլսարի Փրկութեան Երթ` Երեւանի Կեդրոնին Մէջ

August 26, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամուլսարը առանց հանքի», «Ամուլսար` միայն սար» վանկարկումներով շաբաթ, 24 օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ երթ յանուն Ամուլսարի փրկութեան:

Քայլերթը կազմակերպած էր «Ամուլսարը առանց հանքի» նախաձեռնութիւնը, որուն ներկայացուցիչները նախքան երթին սկիզբը նշեցին, թէ այս երթը կազմակերպուած է ի աջակցութիւն ջերմուկցիներուն եւ կառավարութեան: Հաւաքուած քաղաքացիները կը պնդեն, թէ Ամուլսարը հանք պիտի չդառնայ:

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան եւս միացած էր երթին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ան ըսաւ, թէ առանց ժողովուրդին կարծիքը հաշուի առնելու եւ հիմնուելով միայն վերջին փորձաքննութեան վրայ` կարելի չէ թոյլ տալ հանքի օգտագործումը:

«Մենք վերջին օրերուն անընդհատ այդ մասին խօսած ենք, կը կարծենք, որ առանց ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու եւ հիմնուելով միայն վերջին փորձաքննութեան վրայ, որ փաստացի նոյնիսկ փորձաքննութիւն չէր` ընդամէնը եղած փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւն էր, կարելի չէ թոյլ տալ ասիկա, եւ առանց իրական գնահատական ունենալու, թէ հետագային մենք ի՛նչ լրջագոյն խնդիրներու դիմաց պիտի կանգնինք»,  յայտարարեց Գորգիսեան:

«Մենք եկած ենք այստեղ` մեր աջակցութիւնը յայտնելու բոլոր պայքարողներուն եւ այն քաղաքացիներուն, որոնք կողմ են Ամուլսարը իբրեւ սար պահպանելուն», ըսաւ ընդդիմադիր պատգամաւորը:

Նախորդը

Բեկոր Աշոտի Մահուան 27-րդ Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

Գիւմրիի Օրուան Առիթով Վարչապետ Փաշինեան Այցելութիւն Տուաւ Քաղաք

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.