Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան Վենետիկի յանձնաժողովի տնօրէն-քարտուղարէն ստացած է գրութիւն մը, ուր նշուած է, թէ Վենետիկի յանձնաժողովը պատրաստ է խորհրդատուական կարծիք տրամադրելու Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով:
«Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումներուն հիման վրայ Սահմանադրական դատարանին կողմէ քննութեան ընդունուած գործերով խորհրդատուական կարծիք ստանալու համար Սահմանադրական դատարանին կողմէ Վենետիկի յանձնաժողովին ներկայացուած դիմումին առնչութեամբ Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմը կը տեղեկացնէ, որ 2019 թուականի օգոստոսի 20-ին Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանին հասցէագրուած գրութեամբ Վենետիկի յանձնաժողովի տնօրէն-քարտուղար Թոմաս Մարկերտը յայտնած է, որ յանձնաժողովը պատրաստ է տրամադրելու խորհրդատուական կարծիք», նշուած է Սահմանադրական դատարանի յայտարարութեան մէջ:



