Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյթէտտինի Մէջ. Կառավարութիւնը Նշանակեց Սահմանադրական Խորհուրդի Անդամները

August 23, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահեց երէկուան կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախարարներու: Նիստը տեղի ունեցաւ Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ:

Նախքան կառավարութեան նիստին սկսիլը, վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Աունի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան վերջին իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 46 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան հրատապ հարցեր` յարմար որոշումներ տալու անոնց առնչութեամբ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ անդրադարձաւ յատուկ կարիքներ ունեցողներու օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցին, եւ առաջարկեց յետս կոչել 2007-ին լոյս տեսած հրամանագիրը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ յետս կոչելու  «Հաշմանդամ անձերու իրաւունքներու մասին միջազգային համաձայնագիրի» կնքման մասին օրինագիծը ` զայն վերատեսութեան ենթարկելու առաջարկուող փոփոխութեան օրինագիծի ծիրին մէջ: Վերատեսութեան ենթարկուած օրինագիծը կառավարութեան ներկայացնելէ ետք նորէն կ՛ուղարկուի խորրդարան, որպէսզի վաւերացուի, ինչպէս նաեւ վաւերացուին «Հաշմանդամ անձերու իրաւունքներու մասին միջազգային համաձայնագիրը» եւ անոր վերաբերող արձանագրութիւնը: Եւ այսպիսով, ատիկա դուրս կը բերուի 2007-էն մէկ կողմ դրուած հրամանագիրներու շարքէն: Այսպիսով, կը կատարուի փետրուար 2019-ին տեղի ունեցած վեհաժողովին հիմնական պահանջը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ կառավարութեան նիստէն ետք ներկայացուց նիստին ընթացքին տրուած որոշումները: Ան յայտարարեց, որ կար շատ կարեւոր կէտ մը, որ կը գտնուէր օրակարգէն դուրս եւ ատիկա կը վերաբերէր Սահմանադրական խորհուրդի անդամներու նշանակման: Անդամներ նշանակուեցան Ֆաուզաթ Ֆարհաթ, Օմար Համզէ, Էլիաս Ապու Իտ, Էլի Մաշրաքանի եւ Ապտալլահ Շամի: Ընդունուեցաւ նաեւ օրակարգի կէտերուն մեծ մասը, իսկ այլ կէտերու քննարկումը յետաձգուեցաւ երեքշաբթի տեղի ունենալիք նիստին: Ան նշեց, որ քննարկուած վերջին կէտը կը վերաբերէր պաղեստինեան թղթածրարը բոլոր կողմերէն ուսումնասիրելու վերաբերեալ յանձնախումբի կազմութեան, որուն նախագահը պիտի ըլլայ վարչապետ Սաատ Հարիրի, իսկ անոր անդամներն են նախարարներ Քամիլ Ապու Սլէյման, Մահմուտ Քումաթի, Սալիմ Ժրէյսաթի, Եուսեֆ Ֆինիանոս եւ Աքրամ Շեհայէպ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ առարկութիւններ եղա՞ն Սահմանադրական խորհուրդի անդամներուն նշանակումներուն վերաբերեալ, Ժարրահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը առաջարկած է Սայիտ Մալիքի անունը, որ չէ ընդունուած:

Ինչ կը վերաբերի թափօններու թաղման վայրի կառուցման համար հիւսիսային Լիբանանի մէջ հողի ձեռքբերման, Ժարրահ յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է Մինիայի Հաուաքիր շրջանին մէջ հող ձեռք բերելու եւ Օժանդակութեան բարձրագոյն մարմինը լիազօրելու վերաբերեալ, որպէսզի վերջինս ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներուն: Իսկ թափօններու թաղման վայրը պիտի ընդունի բոլոր աղբերը, որոնք կու գան յարակից գիւղերէն եւ շրջաններէն:

Անդրադառնալով Լիբանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին տնօրէն խորհուրդի նշանակման հարցին, նախարարը յատնեց, որ բոլոր նշանակումները պիտի կատարուին, եւ ինք արդէն իսկ երկու անգամ խօսած է հանրապետութեան նախագահին հետ, որ խոստացած է մօտիկ ապագային լուծել այս հարցը:

Անդրադառնալով կառավարութեան կողմէ Լիբանանի տնտեսական դասակարգման արձագանգին` Ժարրահ նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի նիստին սկիզբը յստակացուցած է, որ մենք մտահոգուած չենք այս առումով շահագրգիռ ընկերութիւններու դասակարգումով, եւ եթէ նոյնիսկ մթնոլորտը դրական ըլլայ, դասակարգումը նոյնը պիտի մնայ, բայց կառավարութիւնը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներուն` պահպանելու համար տնտեսական եւ նիւթական կայունութիւնը, եւ այս դասակարգումները ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի ուսումնասիրէ պետական ամավարկին վերաբերեալ բողոքարկումները, Ժարրահ յայտնեց, որ երբ Սահմանադրական խորհուրդը կազմուի իր ամբողջ անդամներով, ապա կ՛ունենայ իրաւասութիւնը ուսումնասիրելու իրեն ուղարկուած բոլոր հարցերը:

Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն մէջ Լիբանանի մասնակցութեան, Ժարրահ յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ ներկայացուցիչներու միջոցով Լիբանան մասնակցի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան` տրուած ըլլալով, որ միջազգային ուժերը, որոնք Լիբանան կը գտնուին, կ՛իրականացնեն սահմաններու ապահովութիւնը, բայց լիբանանեան մասնակցութիւնը ռազմական գործողութիւններ պիտի չներառէ:

 

Նախորդը

Քանաան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Յանձնակատարը

Յաջորդը

Վենետիկի Յանձնաժողովը Պատրաստ Է Քոչարեանի Գործով Խորհրդատուական Կարծիք Յայտնելու

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.