Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները տակաւին չեն տեսակցած վերջերս ազրպէյճանական կողմը յայտնուած հայ զինուոր Արայիկ Ղազարեանի հետ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:
«Այս պահուն կը շարունակուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներու երկխօսութիւնը համապատասխան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` անձին հետ տեսակցելու ուղղութեամբ», ըսաւ Ամատունի` ժամկէտներու մասին յստակ որեւէ բան չնշելով:
«Սովորաբար կարգը այնպէս է, որ մենք կը փորձենք անյապաղ եւ ըստ կարելւոյն արագ կազմակերպել ատիկա, բայց այս պահուն չեմ կրնար որեւէ ժամկէտներու մասին ըսել», ըսաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավարը:



