Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 16 օգոստոսին ընդունած է Արցախի մէջ «Տը Հալօ Թրասթ» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան ծրագիրի նոր նշանակուած ղեկավար Էտուարտ Ռոպըրթ Սայֆրեթը:
«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպումին քննարկուած են հանրապետութեան տարածքին մէջ ականազերծման եւ չպայթած ռազմամթերքի վնասազերծման ուղղութեամբ «Տը Հալօ Թրասթ»-ի հետագայ գործունէութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ֆինանսաւորման հեռանկարները:
Նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է երկրի բնակչութեան կեանքի անվտանգութիւնը ապահովելուն ուղղուած կազմակերպութեան աշխատակիցներուն կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն առնչութեամբ եւ վերահաստատած է արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստակամութիւնը` հետագային նոյնպէս աջակցելու Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման:
Նախարար Մասիս Մայիլեան «Տը Հալօ Թրասթ»-ի նոր ղեկավարին յաջողութիւն մաղթած է կարեւոր առաքելութեան իրականացման գործին մէջ:



