Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր երէկ առաւօտեան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Կինէայի մէջ արկածի պատճառով մահացած լիբանանցի քաղաքացի Հիւսէյն Ֆշէյխի դիակը, որ փոխադրուեցաւ անոր ծննդավայրը` Տըննիէի Պաթըրմազ գիւղաքաղաքը:
Խէյր յոյս յայտնեց, որ այս տխուր պատահարը կ՛ըլլայ արտերկրի լիբանանցիներուն պատահող վերջին միջադէպը:
Նշենք, որ Կինէայի մէջ ապրող լիբանանցի երիտասարդ Հիւսէյն Ֆշէյխ Քոնաքրի գետին մէջ խեղդամահ եղած էր` փրկելու համար այլոց կեանքերը:



