Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Փոխլրացուցիչ Ենթակէտերը

August 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համահայկական օրակարգի ձեւաւորման հրամայականին շուրջ ակնկալելի է, որ ծաւալին հրապարակային քննարկումներ: Օրակարգի կէտերը բնականաբար կ՛ըլլան գերակայ ուղղութիւններ եւ օրինաչափօրէն հետզհետէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց կարեւորագոյն խնդիրներուն կը միացնեն համասփիւռքեան-համահայկական հիմնահարցեր: Թէ՛ օրակարգի ձեւաւորման եւ թէ՛ օրակարգի կէտերու կատարողականութեան գործիքակազմերու կամ կառուցակարգային խնդիրներու մասին վստահաբար թափ կը հաւաքեն կազմակերպելի խորհրդակցութիւնները:

Այս բոլորը որոշ ժամանակ կ՛ենթադրեն. մինչ այդ, կան հրատապ նշանակութիւն ունեցող հարցեր, օրակարգեր, որոնց շուրջ համահայկական համաձայնութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը ո՛չ միայն կը շեշտուի, այլ նաեւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր կ՛առնուին:

Խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերի յունուար 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան համապետական ընտրութիւններուն: Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան, անվտանգութեան պահպանման եւ տակաւին` արցախեան ազատամարտով իրագործուածի պաշտպանութիւնը գերակայ օրակարգ դաւանելու սկզբունքին կ՛առնչուին արցախեան ընտրութիւնները:

Անմիջական փուլը` ընտրութիւններու կազմակերպման եւ կայացման կատարեալ եղանակ ապահովելու հիմնական առաջադրանքին առնչուած է սերտօրէն: Նաեւ` համաձայնական թեկնածուի:

Համախոհական թեկնածու առաջադրելու մղումը կարեւոր խորհուրդ կը պարփակէ իր մէջ եւ որեւէ ձեւով մրցակցային ընտրապայքարը շրջանցելու մտադրութիւնը չունի: Երեւան-Ստեփանակերտ յայտարարողական մակարդակի վրայ գրանցուած որոշ անհամաձայնութիւնները, ներարցախեան քաղաքական համապատկերի վրայ փոխադարձ անհանդուրժողականութեան որոշ երեւոյթները լրջագոյն մարտահրաւէրներ յառաջացուցած էին Պաքուի կողմէ ամէն վայրկեան ռազմական գործողութիւններու սանձազերծումով  ծանր հետեւանքներ դիմագրաւելու կացութեան մէջ գտնուող Արցախի համար:

Այս փուլին, թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ արտաքին ուղղութիւններով համաձայնական մթնոլորտի վերականգնման կարեւորագոյն դրսեւորում ցուցադրելով, Արցախը կրնայ համահայկական օրակարգի առաջին կէտը իրականացնել` համախոհական թեկնածուի շուրջ բոլոր հոսանքներու համամտութեամբ  համաձայնութեան յանգելով: Արցախի մէջ դժուար չէ կեդրոնանալ անձնական կերպարի օրինակով եւ համոզիչ կենսագրականով համակողմանի յարգանք եւ հեղինակութիւն վայելող թեկնածուի վրայ:

Համահայկական օրակարգի առնչուած ենթակէտը` Արցախի համապետական ընտրութիւնները կատարելութեան նշաձողին ձգտող եղանակներով կայացումն է: Ժողովրդավարութեան, ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը ո՛չ միայն իրողական ներկայացուածութեան համոզումը կը փոխանցէ ընտրազանգուածներուն, այլ նաեւ կը ստանայ քաղաքական շատ կարեւոր իմաստ: Ժողովրդավարական կարգերով ինքնորոշուած արցախահայութիւնը, ի տարբերութիւն հարեւան Ազրպէյճանին, կը յաջողի ամէնէն ժողովրդավար միջավայրերու մէջ գրանցուած ընտրաեղանակներուն նման նախագահ եւ խորհրդարան ընտրել, ինչ որ այլ հանգամանքներուն առընթեր կը շեշտէ արցախահայութեան եւ Ազրպէյճանին անհամատեղելիութիւնը: Եղանակը այս պարագային քաղաքական առաջադրանքին հետ կապուած է եւ նպաստիչ գործօն է ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրագործման, հիմնաւորման եւ ամրագրման:

Առաջին հայեացքով, համահայկական օրակարգի առաջին եւ երկրորդ կէտերը կրնան չհամապատասխանել իրար: Այլ խօսքով` համախոհական թեկնածուն չի սատարեր արդար եւ մրցակցային ընտրապայքարին, երբ գրեթէ ի չգոյէ այլ մրցակից թեկնածուի կանխորոշուած կ՛ըլլայ ընտրութեան արդիւնքը: Այս պարագային սակայն Արցախի քաղաքական դաշտը բաղկացնող կուսակցութիւնները` հիմնաւորելով պահուն թելադրած հանգամանքներէն մեկնած որոշումը` կ՛ապահովեն մասնակցութեան բարձր համեմատութիւն եւ համազգային ու միջազգային կարեւորագոյն ուղերձներ կը փոխանցեն այս ձեւով: Մինչ, զուգահեռ (նկատի ունենալով, որ միաժամանակ են նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները) արդար մրցապայքարի, նախընտրական արշաւի քաղաքակիրթ ոճի  եւ բազմակուսակցական խորհրդարանի գոյառման ամենաժողովրդավար պատկերը կը ձեւաւորեն:

Արցախի նախագահի համախոհական թեկնածուի որոշումին յանգիլն ու համապետական ընտրութիւններուն ժողովրդավարութեան բարձրակէտ նուաճելը համահայկական օրակարգի կարեւորագոյն ենթակէտեր կ՛ամրագրեն գործնապէս:

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մեր Հիմնական Առաջնահերթութիւններէն Է, Որ Արցախը Զերծ Մնայ Որեւէ Ցնցումէ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (15 Օգոստոս 2019)

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.