Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հաւաքը` Ի Նպաստ Քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի

August 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարներ, նուիրատուներ եւ համակիրներ 31 յուլիսին մասնակցեցան հաւաքի մը, որ կազմակերպուած էր ամերիկահայութեան երախտագիտութիւնը յայտնելու համար քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հայանպաստ նորագոյն քայլերուն, միաժամանակ նեցուկ կանգնելու համար անոր վերընտրութիւնը ապահովելու ջանքերուն:

Երկար տարիներէ ի վեր իր հայանպաստ գործունէութեամբ ծանօթ քոնկրեսականը ներկայիս բարձաստիճան անդամներէն մէկն է Ներկայացուցիչներու տան հեղինակաւոր արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին:

Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը տեղի ունեցած հաւաքին հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր Հայ դատի յանձնախումբի երկարամեայ համակիրներէն Մայքըլ Մահտէսեան, իսկ անոր ներկայ էին յայտնի իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեան եւ առողջապահութեան մարզի հեղինակաւոր առաջնորդներէն Մայք Սարեան, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի ազգային, շրջանային եւ տեղական մարմիններու ղեկավարներ:

Հաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան դրուատեց Շըրմընի հայանպաստ քայլերը` յիշեցնելով յատկապէս Արցախին ուղղակի ամերիկեան պետական աջակցութիւն ապահովելու աշխատանքին մէջ անոր ունեցած կենսական դերակատարութիւնը, որուն շնորհիւ 1997-էն ի վեր կարելի եղած է Արցախին մօտաւորապէս 40 միլիոն տոլարի ուղղակի աջակցութիւն տրամադրել, ինչ որ նպաստած է յատկապէս ականազերծման գործին:

Յիշեցնենք, որ քոնկրեսականներ Շըրմընի եւ Թի. Ճէյ. Քոքսի ջանքերով, այս շաբթուան ընթացքին 89 քոնկրեսականներ ստորագրեցին նամակ մը, որ ամերիկեան վարչակազմէն կը պահանջէ պահպանել Արցախի տրամադրուող այս կենսական նպաստը` զայն կասեցնելու քայլերուն ընդդիմանալով:

Իսկ անցեալ ամիս, Շըրմընի ներկայացուցած առաջարկով կարելի եղաւ կասեցնել Ազրպէյճանին որեւէ ամերիկեան զէնքի վաճառքը, եթէ նկատուի, որ այդ զէնքը կրնայ օգտագործուիլ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերուն վրայ յարձակելու Ազրպէյճանի սպառնալիքը իրականացնելու դատապարտելի նպատակով:

 

Նախորդը

Փաթրուշեւ Երկուշաբթի Օր Պիտի Այցելէ Հայաստան

Յաջորդը

Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստ` Խըրխըզիստանի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.