Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛վ Որ Արդարութիւնը Կը Մերժէ, Մերժած Կ՛ըլլայ Նաեւ Այն Ընկերութիւնը, Որ Քաոսի Մէջ Չի Կրնար Ապրիլ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

August 8, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումի ուղին եւ փտածութեան դէմ պայքարը տակաւին նոր սկսած են` աւելցնելով, որ լիբանանցին այսօր կ՛ապրի ազատ, անկախ եւ գերիշխան` հակառակ իր շրջակայքը գտնուող պատերազմներուն եւ ճնշումներուն:

«Ներկայիս մենք միջազգային եւ շրջանային ամպիոններէն կը խօսինք Լիբանանի անունով եւ մեր ազատ խօսքը կ՛ըսենք ապահովելով բոլորին շահերը», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ կան շարք մը թղթածրարներ, որոնք դատական իշխանութիւններուն ուղարկուած են, որովհետեւ փտածութիւնը իր բոյնը դրած է պետական տարբեր հաստատութիւններու մէջ: «Մենք փտածութեան այդ բոյները արմատախիլ պիտի ընենք եւ պիտի պայքարինք անոր բոլոր բջիջներուն դէմ` կանխարգիլելով անոնց վերարտադրութիւնը: Ո՛վ որ արդարութիւնը կը մերժէ, մերժած կ՛ըլլայ նաեւ այն ընկերութիւնը, որ քաոսի մէջ չի կրնար ապրիլ: Իսկ դատական իշխանութիւնները կը վայելեն պատժելու իրաւասութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն այս յայտարարութիւնները կատարեց, երբ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող արտերկրի լիբանանցիներու ընդարձակ պատուիրակութիւն մը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի:

Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու տնտեսական տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի:

 

Նախորդը

Տըպպայէի Մէջ . 7 Օգոստոսի Նշում Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Գլխաւոր Կեդրոնի Հիմնարկէք

Յաջորդը

«Բոլորէն Կը Պահանջուի Պաշտպանել Լիբանանի Քաղաքական, Ապահովական Եւ Ելեւմտական Կայունութիւնը» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.