Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Պրազիլին կը տրամադրէ ՕԹԱՆ-էն դուրս Միացեալ Նահանգներու զինուորական գլխաւոր դաշնակիցի կարգավիճակ:
Պրազիլէն բացի 17 այլ երկիրներ, ներառեալ` Իսրայէլը, Եգիպտոսը, Արժանթինը, Նոր Զելանտան եւ Թայուանը, ունին այդ կարգավիճակը, որուն հիմամբ անոնց կ՛արտօնուի ամերիկեան զէնքեր ստանալ եւ Ուաշինկթընի հետ յաւելեալ զինուորական գործակցութիւն ունենալ:
Թրամփ նախապէս յայտնած էր, թէ մտադիր է Պրազիլի հետ առեւտրական ազատ համաձայնութեան կնքումի ուղղութեամբ աշխատիլ:
«Պրազիլ առեւտրական մեծ գործընկեր է: Պրազիլի հետ մեծ յարաբերութիւններ եւ անոր նախագահին հետ հոյակապ յարաբերութիւններ ունինք», նշած էր Սպիտակ տան ղեկավարը:



