Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան. «Հայաստանը Պիտի Շարունակէ Յարաբերութիւններ Զարգացնել Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան Եւ Միացեալ Նահանգներուն Հետ»

August 1, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը պիտի շարունակէ յարաբերութիւններ զարգացնել Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, գերմանական «Մարշալ» հիմնադրամի աւագ փորձագէտ Ճոնաթան Քացին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` յուլիսին Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին, կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

«Մեզի համար ամէնէն կարեւոր մարտահրաւէրն է, ամէնէն կարեւոր  առաջնահերթութիւնը` յստակօրէն նշել, որ Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը բացարձակապէս ներքին իրադարձութիւն էր», գերմանական «Մարշալ» հիմնադրամի կայքին մէջ հրապարակուած` Ճոնաթան Քացին տուած հարցազրոյցի մէջ նշած է նախարար Մնացականեան: Անոր համաձայն, պաշտօնական Երեւանը որեւէ ձեւով պիտի չվտանգէ «թաւշեայ յեղափոխութեան» ձեռքբերումներն ու խոստումները կտրուկ քայլերով արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ.

«Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգը կառուցուած է շատ նուրբ ձեւով, որպէսզի ազգային անվտանգութեան ճարտարապետութեան մէջ ներառուի համագործակցութիւնը մեր հիմնական գործընկերներուն` Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ: Այնպէս որ, մենք արկածախնդիր չենք, որպէսզի վտանգենք մեր նաւը»:

Արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանի համաձայն, ղարաբաղեան տագնապին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան լաւ օրինակ է, հակառակ այլ ոլորտներու մէջ երկիրներուն միջեւ եղած լուրջ տարակարծութիւններուն: Հայաստանը հետաքրքրուած է շրջանին  մէջ կայունութեան հաստատման գործով, ըսած է Մնացականեանը ամերիկեան վերլուծաբանին` աւելցնելով. «Երբ դուն Հայաստանի նման կայունութեան կղզի ես, ատիկա ձեռնտու է բոլորին»:

 

 

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Միջադէպը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում, Իսկ Կառավարութիւնը Ատհայի Տօնէն Առաջ Կրնայ Գումարել Իր Նիստը

Յաջորդը

Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Քաղաքացիական Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննարկած Է Ազգային Անվտանգութեան Նոր Ռազմավարութիւնը

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.