Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ստորագրեց 2019-ի Պետական Ամավարկը

August 1, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց 2019-ի պետական ամավարկը, որ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած էր 19 յուլիս 2019-ին:

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ պետական ամավարկը ստորագրելու կողքին, նախագահ Աուն նամակ մը յղած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` անկէ պահանջելով Լիբանանի սահմանադրութեան 95-րդ յօդուածը բացատրել` պաշտպանելու համար Լիբանանի գոյութիւնը:

Աւելի ուշ Պաապտայի աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախագահ Աունի յղած նամակը խորհրդարանին մէջ պիտի կարդացուի 15 հոկտեմբեր 2019-ին:

Երեկոյեան նախագահ Աուն ստորագրեց թիւ 5396 հրամանագիրը, որուն հիմամբ ընտրական խորհուրդները հրաւիրեց աշխատանքի` 15 սեպտեմբերին Սուրի մէջ կատարելու երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ:

Նշենք, որ Սուրի մէջ շիի համայնքի երեսփոխանական աթոռը թափուր մնացած էր Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուիի հրաժարականին պատճառով:

Նախագահ Աունի ստորագրութեան կողքին, հրամանագիրը կրեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասանի ստորագրութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը կայուն է եւ թէ պետական ամավարկի վաւերացումը կարեւոր է ելեւմտական մարզի կարգաւորման համար:

Սալամէ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պիտի դիմէ կարգ մը նախաձեռնութիւններու` երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու նպատակով:

Նախագահ Աունի այցելուներէն եղան նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս պետական պատկերասփիւռի կայանին թղթածրարն ու կայանին համար նոր տնօրէնութիւն մը նշանակելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահական պալատ այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք «Սետր»-ի բանաձեւերը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Չորեքշաբթի Օրուան Երեսփոխանական Հանդիպում. «Լիբանանի Մէջ Ամէն Ինչ Կրնանք Հանդուրժել, Բացի Երկրին Միասնականութեան Խախտումէն» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Միջադէպը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում, Իսկ Կառավարութիւնը Ատհայի Տօնէն Առաջ Կրնայ Գումարել Իր Նիստը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.