Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այժմ Կարգը Ուրիշներուն Է` Վերցնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

July 25, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Հարիրի Ժողով Մը Գումարեց Մեթնի Երեսփոխաններուն Հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ ժողով մը գումարեց Մեթնի երեսփոխաններուն հետ:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Էտկար Մաալուֆ եւ Էտի Ապի Լամաա:

Ժողովասրահ մտնելէ առաջ, ներկայ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի յայտարարեց.

«Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը փակուած է մարտ ամիսէն ի վեր, եւ այսուհետեւ ի վիճակի չէ որեւէ թափօն ընդունելու: Մենք, իբրեւ ընդհանուր լուծումի մէկ բաժին, շալկեցինք մեր պատասխանատուութիւնը, իսկ այժմ կարգը ուրիշներուն է վերցնելու իրենց պատասխանատուութիւնը: Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը կարելի չէ նոյնիսկ բարձրացնել:

Ինչ կը վերաբերի Ժտէյտէի թափօններու տարածքին, շրջանը ունի իր քաղաքապետութիւնը եւ այդ շրջանը ինք կ՛որոշէ իր ընելիքը:

Իսկ ընդարձակման գծով եղող խօսակցութիւնները մեզի չեն վերաբերիր եւ չեն հետաքրքրեր»:

Ժողովի ընթացքին նախարար Ժրայսաթի դիտել տուաւ, որ քննարկուելիք լուծումները չեն վերաբերիր Պուրճ Համուտին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է թիւ 80 օրէնքի հիման վրայ կիրարկել ապակեդրոնացման սկզբունքը թափօններու թաղման առնչութեամբ:

Ժողովէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ աղբահանումի հարցը լիբանանեան ազգային մեծ հարց մըն է, որուն լուծման համար կառավարութիւնը լրջօրէն կ՛աշխատի:

Ժրայսաթի նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին բոլորը ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնները, եւ տեղի ունեցած է անկեղծ խորհրդակցութիւն:

«Աղբահանումի թղթածրարին շուրջ լուծման չյանգեցանք, սակայն խորհրդակցութիւնները դրական էին: Վարչապետ Հարիրի յանձնառութիւն յայտնեց աղբահանման թղթածրարին քննարկումը շարունակելու յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին», շեշտեց ան:

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Քոսթա Պրաւայի Աղբանոցին Վերաբերող Նիստի Մը     

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Քոսթա Պրաւայի աղբանոցին վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ էին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Տըրղամ, Ղպէյրիի քաղաքապետ Մաան Խալիլ, Հարեթ Հըրէյքի քաղաքապետ Զիատ Ուաքետ, Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետ Աթեֆ Մանսուր, Մրայժէի քաղաքապետ Սամիր Ապի Խալիլ եւ  Շուէյֆաթի փոխքաղաքապետ Շտիտ Հաննա:

Նիստէն ետք Քումաթի յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է առիթ մը քննարկելու Լիբանանի աղբահանման հարցը լուծելու ուղեգիծ մը, որուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ Քոսթա Պրաւայի աղբանոցին հարցը:

Ան նշեց, որ այս հարցին ետին քաղաքական խնդիր գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ նիստը եղած է դրական, իսկ քաղաքապետարաններու համադաշնակցութիւնը գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է:

Քումաթի նշեց, որ աղբահանման հարցին արմատական լուծման ծրագիրը կարիք ունի չորս տարուան` աւելցնելով, որ մինչեւ հարցին վերջնական լուծումը կարիքը ունինք ժամանակաւոր լուծումներու:

Նշենք, որ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը նիստի մը պիտի հրաւիրէ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին` անկախ երկրին մէջ արձանագրուած քաղաքական զարգացումներէն: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, կառավարութեան օրակարգը ճշդելու իրաւասութիւնը կը պատկանի վարչապետ Հարիրիին, հետեւաբար Քապըր Շմունի թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու հարցը սեղանի վրայ պիտի չըլլայ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Յաջորդ Նախագահին Պիտի Յանձնեմ Ներկայէն Աւելի Լաւ Հայրենիք Մը»

Յաջորդը

Հայկական Եւ Ասորական Համայնքները Լոս Անճելըսի Մէջ Ստորագրած Են Համագործակցութեան Յուշագիր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.