Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանող օրինագիծի ընդունումը Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ նկատեց համամարդկային մարդասիրական արժէքներուն Ֆրանսայի հաւատարմութեան դրսեւորումը:
Ան նշեց, որ ասիկա նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն նախաձեռնող արտաքին քաղաքականութեան արդիւնքն էր` «ամէնօրեայ ճիշդ, նախաձեռնող քաղաքականութեան շնորհիւ»:
Ըստ անոր, թրքական իշխանութիւններուն «շանթաժային» քաղաքականութիւնն ալ դեր խաղցաւ այս օրինագիծի ընդունման համար: «Թուրքիոյ շանթաժի քաղաքականութեան յաջորդեց ֆրանսական Ազգային ժողովի յստակ պատասխանը: Յոյսով եմ, որ ծերակոյտին մէջ ալ մենք կարենանք նմանատիպ քուէարկութիւն ակնկալել», ընդգծեց Շարմազանով:


