Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բանաձեւի միաձայն ընդունումը: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ.
«Կ՛ողջունենք Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բանաձեւի միաձայն ընդունումը, որ իրաւական հիմք կ՛ապահովէ երկու քաղաքներուն միջեւ մշակոյթի, կրթութեան, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հաստատման եւ գործնական ծրագիրներու իրականացման համար:
«Յատկանշական է նաեւ, որ բանաձեւը ընդունուած է արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան` Աւստրալիա կատարելիք այցելութեան նախօրեակին: Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի նաեւ Ռայտի քաղաքային իշխանութիւններուն հետ հանդիպում, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին համագործակցութեան կարելիութիւններն ու հեռանկարային ուղղութիւնները:
«Երախտագիտութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Ստեփանակերտի եւ Ռայտի միջեւ ամուր բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղուած այս նախաձեռնութեան իրականացման գործին մէջ»:



