Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռիչըրտ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Պըրրի իմամ Մուսա Սատըրի անուան յուշանուէրը ստացաւ Պութրոս Պուսթանիի մեծարման ազգային խորհուրդին կողմէ:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ժորժ Խուրի:



