Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Արդարադատութեան Նախարար Ռուստամ Բադասեանի Երդման Արարողութիւնը

July 16, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նոր նշանակուած նախարար Ռուստամ Բադասեանի երդման արարողութիւնը:

Ռուստամ Բադասեան կարդալով երդման բնագիրը` նշած է. «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման` կ՛երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերու պահպանման, հաւատարիմ մնալ կառավարութեան անդամի բարձր կոչումին»:

Երդման արարողութեան աւարտին Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած են Ռուստամ Բադասեանը` մաղթելով անոր  բեղմնաւոր ու արգասաբեր աշխատանք ի շահ հայրենիքին եւ ժողովուրդին:

Բադասեան – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ռուստամ Բադասեան ողջունած է դեսպանը արդարադատութեան նախարարութեան մէջ եւ համագործակցութիւնը խորացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած:

Դեսպան Քոփիրքին շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ նշած, որ Ռուսիան յարգանքով կը վերաբերի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ պատրաստ է աշխուժ փոխադարձ գործակցութեան հիմամբ զարգացնելու երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը տարբեր ուղղութիւններով:

Հանդիպումի ընթացքին նախարարն ու դեսպանը քննարկած են Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) շրջագիծին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը  ընդլայնելու կարելիութիւնները, անդրադարձած Հայաստանի մէջ  փտածութեան դէմ պայքարին եւ դատաիրաւական ոլորտներուն մէջ նախատեսուող բարեփոխումներուն, յատկապէս` պաշտօնատար անձերու  գոյքի, եկամուտներու, ծախսերու յայտարարագրման հիմնարկի կատարելագործման, դատաւորի նկատմամբ կարգապահական վարոյթ յարուցելու հիմքերու յստակացման եւ այլ հարցերու:

Նախորդը

Վենետիկի Յանձնաժողովի Զեկուցումին Վերաբերեալ Վարչապետ Փաշինեան Յայտարարութիւն Պիտի Կատարէ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանն Ու Վարչապետ Փաշինեանը Քննարկած Են Երկրի Զարգացման Ծրագիրները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.