Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

July 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Վարչապետին Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրիի մօտ կը տիրէ դրական մթնոլորտ: «Ան մնայուն աշխատանքի մէջ է եւ կ՛ողջունէ բոլորին ջանքերը, ինչպէս նաեւ իր կարգին ճիգ չի խնայեր` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ առկայ հարցերը, յատկապէս Լեռնալիբանանի միջադէպը լուծելու նպատակով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ իրենք հանդիպումէն դուրս եկած են այն տպաւորութեամբ, որ կան որոշ դրական նշոյլներ, որոնք սակայն յաւելեալ ջանքերու եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ յաւելեալ համաձայնութեան կը կարօտին` արդիւնաւորուելու համար:

Անդրադառնալով 2019-ի պետական ամավարկին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրի յանձնառու է անոր կէտերը գործադրելու` խորհրդարանէն անոր ստանալիք վաւերացումէն ետք:

«Դժբախտաբար, Հայկական երեսփոխանական պլոքը նկատած էր եւ  նախքան Լեռնալիբանանի միջադէպը կոչ ուղղած քաղաքական բոլոր ուժերուն` վերջ տալու սուր կեցուածքներուն եւ հռետորաբանութեան, որովհետեւ քաջ գիտեր, թէ Լիբանան ի վիճակի չէ նման բան հանդուրժելու: Մանաւանդ որ ամառ է եւ կը գտնուինք զբօսաշրջութեան եղանակի մէջ ու կը վստահինք այդ մարզին», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքացիները այսօր կը դիմագրաւեն հարցեր, որոնց մէկ մասին իրենք ծանօթ են, իսկ միւս մասին ծանօթ չեն: «Լիբանանցիները իրաւունք ունին բոլոր պատասխանատուներէն պահանջելու, որ տէրը ըլլան իրենց խիղճին` քաղաքացիներուն եւ Լիբանանին օժանդակելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ այս տագնապէն դուրս գալ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

Ղասսան Սէուտ 29 Հոկտեմբերին Կը Ներկայանայ Դատարան

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Քապըր Շմունի Միջադէպը Աննշան Չէր, Եւ Կառավարութեան Նիստը Իմ Որոշումովս Յետաձգուեցաւ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.