Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղին. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Արժանավայել Կերպով Նշեց Կոմիտասի 150-ամեակը

July 1, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը երէկ` կիրակի, 30 յունիս 2019-ի երեկոյեան, արժանավայել կերպով նշեց իր հիմնադիրին` Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: Համերգը տեղի ունեցաւ վարչապետարանին դիմաց գտնուող Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Զոքաք Պլաթ, ներկայութեամբ պաշտօնական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ երաժշտասէր բազմութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կարէն Արաբկիրեան, որ հայերէնով եւ անգլերէնով հերթաբար թուեց յայտագիրին կէտերը` նշելով երգերուն եւ անոնց կատարողներուն անունները: Խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի հմուտ ղեկավարութեամբ շուրջ յիսուն անդամ հաշուող «Գուսան» երգչախումբը հմայեց ներկաները` զանոնք փոխադրելով կոմիտասեան օրերու «աշխարհը»: «Գուսան»-ի երկսեռ երգչախումբը, երգեհոնի մենակատարութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, ներկաներուն հրամցուց Կոմիտասի երաժշտութենէն փունջ մը երգեր ու խմբերգներ: Յատկապէս ուշագրաւ էին մեներգողներ Աւետիս Ագրապեան եւ Շողիկ Թորոսեան: Երգչախումբը նաեւ ներկայացուց «Իմ չինարի եարը» խորագրեալ երգը ընդգրկող յատուկ տեսահոլովակ մը` կատարողութեամբ «Գուսան» երգչախումբին:

Նշենք, որ այս առիթով եւ գործակցաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին, «Գուսան» երգչախումբը հրապարակած է Կոմիտասի տասներկու երգերն ու լուսանկարները ընդգրկող բոլորին հասանելի, փոքրածաւալ  յատուկ գրքոյկ մը:

Աւարտին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Գուսան» երգչախումբի պատասխանատուներէն Կարէն Եոսուլքանեան հայերէնով եւ արաբերէնով անդրադարձաւ նշեալ գրքոյկի հրատարակութեան եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս երեկոյի համերգի իրագործման, յատկապէս` «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին եւ օրուան մեկենասներուն` Սարգիս Ճապաղջուրեանին եւ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեաններուն:

Ձեռնարկին աւելի համապարփակ կ՛անդրադառնանք հետագային:

 

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Դասընթացքը Կը Ծանօթացնէ Լրատուական Եւ Լրագրական Աշխարհի Հիմնական Սկզբունքները

Յաջորդը

Իր Ընտրութեան Եւ Օծման 24-ամեակին Առիթով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռը Այսօր Իր Ծառայութեամբ Առանցքային Ներկայութիւն Է Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.