Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանգստեան Կոչուած Բանակայինները Երկու Ուղղութեամբ Պիտի Փակեն Պէյրութը Նահանգներուն Կապող Բոլոր Մայրուղիները

June 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հանգստեան կոչուած բանակայինները երէկ յայտնեցին, որ այսօր` հինգշաբթի, 27 յունիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ ժամը 10:00, երկու ուղղութեամբ պիտի փակեն մայրաքաղաք Պէյրութը նահանգներուն կապող բոլոր մայրուղիները:

Անոնք յայտնեցին, որ նստացոյցերուն պիտի մասնակցին հանգստեան կոչուած բանակայինները եւ անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ ներկայ բանակայիններն ու անոնց ընտանիքները եւ իրենց իրաւունքներուն զօրակցող համակիրները:

Նստացոյց պիտի կատարուի Հիւսիսային Լիբանանի մէջ, ուր համախմբուած բանակայիններն ու անոնց ընտանիքները պիտի համախմբուին Աքքարի, Թրիփոլիի, Մընիէի, Տըննիէի, Քուրայի, Զղարթայի, Պաթրունի, Պշարրէի, Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի մէջ, իսկ յատուկ ուժեր երկու ուղղութեամբ պիտի փակեն Շեքքայի փապուղիէն Պէյրութ մայրուղին:

Պեքաայի մէջ նաեւ պիտի կատարուին ժողովրդային համախմբումներ` փակելու համար Տահր Պայտարի միջազգային ճամբան:

Իսկ երրորդ ուղղութիւնը պիտի ըլլայ հարաւային Լիբանանը, Իքլիմը, Շուֆը եւ Մեթնը Պէյրութին կապող ճամբու փակումը, այլ խօսքով` Խալտէի մայրուղիի փակումը, դարձեալ երկու ուղղութեամբ:

Հանգստեան կոչուած բանակայիններուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բացարձակապէս արգիլուած է քաղաքայիններուն վնաս հասցնել` ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ճամբան փակ պիտի չմնայ բանակայիններուն, հիւանդատարներուն, Կարմիր Խաչին եւ քաղաքապետարաններուն ու ՄԱԿ-ի յատուկ ինքնաշարժներուն դիմաց:

Հանգստեան կոչուած բանակայինները կոչ ուղղեցին քաղաքական ոչ մէկ ուժ ներկայացնող դրօշ բարձրացնելու նստացոյցին ընթացքին, ինչպէս նաեւ քաղաքական ոչ մէկ ուժի կեդրոնի կամ աղօթավայրի վնաս հասցնելու:

Այս մասին պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ հանգստեան կոչուած բանակայիններուն կողմէ ճամբաներ  եւ պետական հաստատութիւններ փակելու քայլը անոնց վրայ ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ, որովհետեւ անոնց պահանջներուն զօրակցող քաղաքացիները կրնան վերջ տալ իրենց զօրակցութեան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քուպիչ Ողջունեց Պաղեստինցի Գաղթականներուն Վերաբերեալ Լիբանանեան- Պաղեստինեան Միացեալ Կեցուածքը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.