Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Ամբողջութեամբ Ընդունեց Հարկային Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Ծրարը

June 26, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Ահազանգ» Նախաձեռնութիւնը Իր Բողոքը Յայտնեց` Դեղին Սաղաւարտներ Զետեղելով Ազգային Ժողովի Շէնքին Առջեւ

Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններ»-ու ծրարը 25 յունիսի իր նիստին:

Նախագիծերու ծրարին թեր քուէարկեց 73, դէմ` 32 պատգամաւոր:

Նախքան նիստը, Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, թէ դէմ պիտի քուէարկեն օրինագիծին, որովհետեւ եկամտահարկի համահարթեցումով բարձր ու ցած աշխատավարձ ունեցողները նոյնը պիտի վճարեն, ինչպէս նաեւ այն պատճառով, որ իրենց առաջարկած փոփոխութեան առաջարկները նկատի չեն առնուած երբեք:

Ծրարով առաջարկուող հիմնական փոփոխութիւններէն է եկամտային հարկի համահարթեցումը: Եկամտային հարկը կը դառնայ 23 առ հարիւր, ապա, աստիճանաբար նուազելով, կը հասնի 20 առ հարիւրի: Նախագիծով կը բարձրացուի նաեւ վարկային կազմակերպութիւններու, գրաւատուներու, լումայափոխներու պետական տուրքը:

Մինչ Ազգային ժողովին մէջ կը կատարուէր «Հարկային օրէնսգրքի փոփոխութիւններ»-ու ծրարի քուէարկութիւն, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները դարձեալ բողոքի ցոյց կատարեցին խորհրդարանին դիմաց` յայտարարելով, որ իրենք դէմ են այդ ծրարին մէջ ներառուած եկամտահարկի համահարթեցման սկզբունքին:

Ցուցարարները դիտել տուին, որ Հարկային օրէնսգիրքի բարեփոխումները կը պահանջեն առարկայական նոր մօտեցումներ, որոնց կիրարկումով պէտք չէ խախտի արդարութեան սկզբունքը:

«Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամներէն Արգիշտի Գէորգեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրենց բերած աշխատանքային ձեռնոցներն ու գլխարկները պիտի ձգեն Ազգային ժողովին դիմաց, որպէսզի պատգամաւորները յիշեն, թէ ի՛նչ երկրի մէջ, ընկերային ի՛նչ պայմաններու մէջ կ՛ապրին, նաեւ այն, որ այս հարկային նոր օրէնսգիրքը յատկապէս ո՛ր խաւին մեծ վնաս կը հասցնէ: Ան բացատրած է, որ իրենց հետ բերած են աշխատաւորներու խաւը խորհրդանշող դեղին սաղաւարտները եւ ձեռնոցները` ցոյց տալով, որ նախ եւ առաջ հարուածի տակ կը դրուին այդ խաւին իրաւունքները, եւ անոնք կը հաւասարեցուին աւելի բարձր եկամուտ ունեցողներուն:

«Ահազանգ» նախաձեռնութեան անունով Քրիստինէ Վարդանեան յայտարարած է, որ նախաձեռնութիւնը պիտի ունենայ հետագայ քայլեր եւ ծրագիրներ, իսկ անոնց մասին տեղեակ պիտի պահէ 26 յունիսին:

Նախորդը

Քոչարեան Կրկին Կալանաւորուեցաւ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Հանդիպում Ունեցած Են Լիբանանեան Պատուիրակութեան Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.