
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Քամել Ամրօ յայտարարեց, որ Եգիպտոս իր ներքին հարցերուն որեւէ արտաքին միջամտութիւն չ՛ընդունիր, ըլլայ ան Միացեալ Նահանգներու կամ այլ երկրի մը կողմէ` շեշտելով, որ Եգիպտոս իր գերիշխանութեան դէմ որեւէ ոտնձգութիւն եւ ներքին հարցերուն մէջ որեւէ միջամտութիւն երբեք չ՛ընդունիր:
Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի` Եգիպտոսի վերջին դէպքերուն շուրջ կատարած յայտարարութեան մասին հարցումի մը, յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հաստատած կապերուն ընթացքին այդ հարցով պիտի զբաղի:


