Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին. «Ռուսթաւի 2»-ի Ղեկավարը Յայտնած Է, Որ Իշխանութիւնները Կ՛ուզեն Ներխուժել Պատկերասփիւռի Կայան

June 24, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի իշխանութիւնները կրնան հրաման արձակել ներխուժելու  ընդդիմադիր «Ռուսթաւի 2» պատկերասփիւռի կայան, յայտարարած է կայանի տնօրէն Նիքա Գվարամիան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Երկու աղբիւրներէ տեղեկացած ենք, որ բռնի ուժով պիտի ներխուժեն մեր կայանը», ըսած է Գվարամիան` աւելցնելով, որ եթէ  նման բան ըլլայ, ապա ատիկա պիտի հասցնէ երկրին մէջ ժողովուրդի  անկառավարելի յուզումներու:

«ՌԻԱ Նովոսթի»-ն տեղեկացուցած է նաեւ, որ Թիֆլիսի բողոքի ցոյցի մասնակիցները փակած են կեդրոնական Ռուսթավելի պողոտան` բարձր վանկարկելով իրենց պահանջը` ներքին գործոց նախարար Կէորկիա Կախարիայի հրաժարականը:

Նաեւ` տեղի ունեցած անկարգութիւններուն պատճառով տուժածներէն մէկը մահացած է: Հիւանդանոցներուն մէջ տակաւին կայ 55 հոգի:

Վրաստանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` 240 տուժածներէն 185-ը արդէն դուրս են հիւանդանոցներէն, իսկ զանազան իրաւախախտումներով բերման ենթարկուած է 350 ցուցարար:

Միւս կողմէ, Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, թէ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն ձերբակալուածներու շարքին կայ Հայաստանի քաղաքացի Մինաս Մինասեանը:

Փութին Արգիլեց Դէպի Վրաստան Բոլոր Թռիչքները

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն հիմամբ ռուսական օդանաւային ընկերութիւններուն կ՛արգիլէ 8 յուլիսէն սկսեալ Ռուսիոյ քաղաքացիները փոխադրել Վրաստանի տարածք: Այս մասին նշուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ հրամանագիրը ստորագրուած է մեկնելով Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներու ազգային անվտանգութեան պահպանման նկատառումներէն եւ պիտի գործէ ժամանակաւորապէս:

 

Նախորդը

Արցախ. Բակօ Սահակեան Տիգրանակերտի Մէջ Մասնակցած Է Համահայկական 7-րդ Խաղերու Ջահը Վառելու Արարողութեան

Յաջորդը

Ակնարկ. Նախարարը, Խորհրդականը, Տնօրէնը, Հաղորդավարն Ու Թրամփի Որոշումը (Ամերիկեան Պատումն Ու Քաղաքական Իրականութիւնը)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.