Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Դրուատեց Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Թագաւորին Նախաձեռնութիւնները

June 20, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը Լիբանան հասած սէուտական Շուրայի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Պատուիրակութեան նախագահեց սէուտական Շուրայի խորհուրդի անդամ Սալեհ պըն Մանիհ Խըլեաուի:

Պատուիրակութեան ընկերակցեցան Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի:

Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները` դրուատելով Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կողմէ Լիբանանի նկատմամբ իրագործած բոլոր նախաձեռնութիւնները, յատկապէս սէուտցի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութիւնը արգիլող որոշումին վերացումը, որուն շնորհիւ Լիբանան պիտի ունենայ զբօսաշրջական լաւ եղանակ մը` շնորհիւ սէուտցի եւ Ծոցի երկիրներու քաղաքացիներուն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց արաբական երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան ու համախոհութեան վերահաստատման կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները արաբական երկիրներուն միջեւ գտնուող ուխտին սկզբունքները պէտք չէ շրջանցեն:

Իր կարգին, Խըլեաուի ընդգծեց լիբանանցի ու սէուտցի ժողովուրդներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները եւ զանոնք պաշտպանելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ անոր կայունութեան` աւելցնելով, որ սէուտցի քաղաքացիները ուրախ են Լիբանան իրենց վերադարձով, յատկապէս` ամրան եղանակին, որովհետեւ անոնք Լիբանանը իրենց երկրորդ հայրենիքը կը նկատեն:

Այն Թինէի Մէջ

Սէուտական պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի, այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէ, Հատի Ապուլ Հասան եւ Թարեք Մերեհպի, ինչպէս նաեւ դեսպան Պուխարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Հարիրիի

Յաջորդը

Պըրրի Դրուատեց Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Յանձնախումբին Աշխատանքը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.