Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող միւս երկու երկիրներուն հետ տարբեր մակարդակներով ուղղակի պաշտօնական կապերու միջոցով երկխօսութիւնը բազմակողմանի քննարկումներու եւ ղարաբաղեան տագնապի վերջնական լուծման ուղիներ գտնելու համար նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման գործին մէջ կարեւոր ներդրում կը դառնայ:
Այս մասին նշած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեանը` ի պատասխան «Ապառաժ»-ի հետեւեալ հարցումին. «Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի 13 յունիսին Քոնկրեսի մէջ կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, որ անհրաժեշտ է վերացնել Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձերու համար Արցախ այցելելու արգելքը»:
«Բարձր կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի հետեւողական գործունէութիւնը` ուղղուած Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուղիղ կապերու հաստատման, ինչ որ, կը կարծենք, Արցախի մեկուսացման անընդունելիութեան մասին ազդանշան կը դառնայ:
«Համոզուած ենք, որ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող միւս երկու երկիրներուն հետ տարբեր մակարդակներով ուղղակի պաշտօնական շփումներու միջոցով երկխօսութիւնը բազմակողմանի քննարկումներու եւ ղարաբաղեան տագնապի վերջնական լուծման ուղիներ գտնելու համար նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ եւ Հարաւային Կովկասի կայունութեան ապահովման գործին մէջ կարեւոր ներդրում կը դառնայ», ընդգծած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը:



