Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ «Աութ Աֆ Չայլտհուտ» Խորագիրով Իրազեկման Նախաձեռնութիւն

June 17, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երէկ` կիրակի, 16 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, սկիզբ առաւ «Աութ աֆ Չայլտհուտ» խորագիրով իրազեկման նախաձեռնութիւնը` Մար Մըխայէլի «Վանտոմ» աստիճաններուն վրայ:

Չորրորդ տարին ըլլալով ԶՈՄ-ը կը կազմակերպէ այս տիպի ձեռնարկ մը: Այս ձեռնարկներուն նպատակն է Հայոց ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւով ոգեկոչել: Նախորդ տարուան ձեռնարկը անդրադարձած էր պատմութեան ընթացքին կատարուած տարբեր ցեղասպանութիւններու, մշակութային ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հարցին: Այս տարուան ձեռնարկը, որ կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը, նուիրուած է մանուկներու իրաւանց:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նայիրա Պաղտասարեան: Ան ներկաներուն բացատրեց «Աութ աֆ Չայլտհուտ» ձեռնարկին նպատակը եւ ըսաւ, թէ «այս ձեռնարկը կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը` երգի, նուագի, արուեստի եւ մանուկներու իրաւանց նուիրուած ցուցահանդէսի միջոցով»: Ան ներկաներուն յայտնեց, որ միլիոնաւոր մանուկներու կարողութիւններն ու տաղանդները կը մնան թաքուն ու կաշկանդուած, որովհետեւ անոնք տարբեր պատճառներով զրկուած են մանուկի մը տարրական իրաւունքներէն` ուսումէ, ապահովութենէ եւ առողջապահական իրաւունքներէ:

Ձեռնարկը բաղկացած էր տարբեր բաժիններէ` կենդանի երաժշտութիւն, մանուկներու իրաւանց նուիրուած ցուցահանդէս, «Տոլզ ֆոր է քոզ» խորագիրով տիկնիկներու վաճառք, հայկական ուտեստեղէնի վաճառք, նկարչութիւն եւ գծագրութիւն:

Կենդանի Երաժշտութիւն

Տարբեր բնոյթի երգերով, երաժշտութեամբ ու նուագով` հայկական, արաբական, ռոք, փոփ… ձեռնարկին ընթացքին հերթաբար հանդէս եկան հինգ նուագախումբեր` «Քարմեն էնտ ֆրենտզ», «Սենտմուն», «Թանժարեթ Տաղըթ», «Օվիտ» եւ «Պլու Չիզ»:

Մանուկներու Իրաւանց Նուիրուած Ցուցահանդէս

Այս բաժինը անդրադարձաւ որոշ երկիրներու մէջ մանուկներու խլուած եւ տակաւին խլուող տարբեր իրաւունքներու` ուսում, սնունդ, բժշկութիւն… ինչպէս նաեւ մանուկներու` կանուխ տարիքի եւ բռնի զինուորագրման: Տարբեր իրաւունքներ խորհրդանշող իրերու կողքին, հոն զետեղուած էր նաեւ աշակերտական թափուր գրասեղան մը, որ կը խորհրդանշէր ուսման խլուած իրաւունքը: Պատրաստուած էր նաեւ փապուղի մը, որուն մէջ նկարներով ու գրութիւններով ներկայացուած էին Սուրիոյ, Քոնկոյի, Եմէնի, Պաղեստինի, Հարաւային Սուտանի, Սոմալի եւ Հայաստանի (ցեղասպանութեան որբերու) մանուկներու խլուած իրաւունքները եւ անոնց կեանքէն քաղուած իսկական պատմութիւններ, ինչպէս` սով, տարագրութիւն, կանուխ տարիքի ամուսնութիւն ու զինուորագրում… Այդ նկարներուն կ՛ընկերակցէին նաեւ մանուկներու ու պատերազմի` փամփուշտներու ձայներ:

«Տոլզ Ֆոր Է Քոզ» Խորագիրով Տիկնիկներու Վաճառք

Ներկաներուն համար սեղանի մը վրայ զետեղուած էին տախտակէ փոքր տիկնիկներ ու ջրաներկ` զանոնք ներկելու համար: Վաճառուած տիկնիկներու հասոյթը պիտի յատկացուէր «Թռչնոց բոյն»-ին:

Հայկական Աւանդական Ուտեստեղէնի Վաճառք

Ներկաներուն վաճառուեցան Փաթիլ Պալապանեանի կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտեստեղէններ:

Նկարչութիւն

Զօրավիգ կանգնելու համար մանուկներու իրաւանց, ներկաները նկարուեցան «Այ սթենտ ուիտ չիլտրընզ ռայթ» խօսքը կրող պաստառով մը:

Գծագրութիւն

Ձեռնարկին ընթացքին Ահմետ Սայիտ նախաձեռնութեան նուիրուած պատկեր մը գծագրեց:

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Եւ Ազգին Կ՛ընծայէ Երեք Նորընծայ Աբեղաներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով
Գաղութային

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

October 24, 2026
«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.