Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանը 1000 Միաւոր Գիրք Նուիրած Է Արցախի Պետական Համալսարանին

June 11, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 յունիսին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Աւանդներու ակումբ»-ի ուսանողներու պատուիրակութիւնը այցելած է Արցախի պետական համալսարան (ԱրՊՀ) եւ հանդիպում ունեցած համալսարանի ուսանողութեան հետ:

Պատուիրակութեան ղեկավար Ռազմիկ Գաբրիէլեան, որ կը համակարգէ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքները, նշած է, որ իրենց  այցելութիւնը 2018 թուականին ԱրՊՀ-ի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրի ծիրին մէջ իրականացուած է, որուն մեծ սիրով ու խանդավառութեամբ միացած են համալսարանի ուսանողները:

«Արցախը մեծ նշանակութիւն ունի մեր կեանքին մէջ, եւ լիբանանահայ գաղութը ուղղակի կապուած է Արցախի հետ` միշտ պատրաստ նեցուկ ըլլալու արցախցիներուն: Մեր այցելութեան նպատակն է Արցախի հետ բարեկամութեան կամուրջներ հաստատել, այդ ծիրին մէջ ալ Հայկազեան համալսարանին կողմէ այս  անգամ 1000 միաւոր գիրք նուիրաբերած ենք  ԱրՊՀ-ին», մասնաւորապէս ըսած է Գաբրիէլեան:

Հայկազեան համալսարանի «Աւանդներու ակումբ»-ի նախագահ Քրիս Բրուտեան ըսած է, թէ ինք երկրորդ անգամ ըլլալով Արցախ կը գտնուի եւ կարեւոր կը նկատէ արցախցի ուսանողներու հետ գործակցային յարաբերութիւններու ստեղծումը:

«Այսպիսի շփումները կարեւոր են ուսանողներու համար` համազգային հարցերու շուրջ տեսակէտներու ու կարծիքներու փոխանակման առումով, քանի որ մենք բոլորս մէկ մշակոյթի եւ մէկ ինքնութեան տէր ենք: Արցախը ինծի համար սուրբ հող է. այստեղ մենք նոր ուժ ու ոգեւորութիւն կը ստանանք», աւելցուցած է ան:

Հանդիպման ընթացքին երկու համալսարաններու ուսանողները քննարկած են ուսումնական հոլովոյթին, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան խնդիրներուն, արցախեան հիմնախնդիրին, Լիբանանի հայկական համայնքի գործունէութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

 

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց h-pem.com-ի Տնօրէն Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանի Եւ Յանձնախումբի Անդամ Վաչէ Փափազեանի Հետ

Յաջորդը

Արցախեան Մշակութային Օրերու Մեկնարկ

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.