Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաշիտ Քարամէի Նահատակութեան 32-ամեակին Առիթով Յիշատակի Ոգեկոչում Եւ Կեցուածքներ

June 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 32-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչման հանդիպում մը, որուն ընթացքին երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան նպատակն էր Լիբանանի մէջ սադրանքներ գրգռել, ինչպէս նաեւ սպանդներ կատարել: Ան նշեց, որ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան հրահանգը արձակուած է Իսրայէլէն` աւելցնելով, որ իրենք յաջողած են սադրանքներու մթնոլորտը մեղմացնել:

Քարամէ նկատել տուաւ, որ ինք կասկածով մօտեցած է եւ կը շարունակէ նոյն կասկածամտութեամբ մօտենալ կառավարութեան կողմէ բարեկարգումներ կատարելու նուաճումներու կարելիութեան:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան մշակած պետական ամավարկը իր կասկածները ամրապնդած է` աւելցնելով, որ եթէ կառավարութիւնը իր ժամանակը պետական ամավարկին յատկացնելու փոխարէն կարենար երկրին տնտեսական տագնապը մեղմացնել, ապա շատ աւելի հզօր որոշումներ տուած կ՛ըլլար:

Քարամէ շեշտեց, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել կառավարութեան կողմէ վարկեր փոխ առնելու եւ պետական գանձարկղը նիւթական պարտաւորութիւններով ծանրաբեռնելու քաղաքականութիւնը:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Ռաշիտ Քարամէ պետական այն այրն է, որ կրցած էր Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանել: Ան աւելցուց, որ Քարամէ մինչեւ իր նահատակութիւնը գործեց ի նպաստ Լիբանանի ազգային միասնականութեան ամրապնդումին:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին հաստատեց, որ Քարամէ եղած է երկրին պետական հաստատութիւնները հիմնող, զանոնք ամրապնդող եւ անոնց օրինականութիւնը պաշտպանող պետական անձնաւորութիւններէն, որուն դերակատարութիւնը իւրայատուկ կը նկատուի: Ան ողջունեց Քարամէն եւ անոր նահատակութեան առիթով շեշտեց, որ Ռաշիտ Քարամէի յիշատակը Լիբանանի պատմութեան մէջ միշտ վառ կը մնայ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան յիշատակը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ամէնէն աւելի կարիքը ունինք պետութեան տրամաբանութեան:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ամբողջ Լիբանանը` հիւսիսէն հարաւ կարիքը կը զգայ Ռաշիտ Քարամէին, որ քաղաքական մեծ անձնաւորութիւն մըն էր, ինչպէս նաեւ ազգային հեղինակութիւն:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Իմատ Օսմանը Վարչապետէն Աւելի Բարձր Չէ»

Յաջորդը

«Պիտի Մերժենք Մեր Սպաներուն Եւ Բանակայիններուն Իրաւունքին Դպչիլ, Իսկ Անոնց Կորովը Շատ Աւելի Կարեւոր Է, Քան Որեւէ Աշխատավարձ» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.