Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Բնակեցումի Ծրագիրը Պիտի Ձախողեցնենք, Իսկ Պաղեստինցին Եւ Սուրիացին Տունդարձ Պիտի Կատարեն»

May 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Արեւմտեան Պեքաա, ուր այցելեց շրջանին մէջ գտնուող Ազգային ազատ հոսանքի ակումբները եւ հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի բնակչութեան հետ:

Խըրպեթ Քանաֆարի մէջ Պասիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց, թէ իր իրաւունքներուն կառչած մնացողը ամէն բան կ՛իրագործէ:

Պասիլ նշեց, որ ինքնապաշտպանութիւնը եւ բռնագրաւուած հողերու ազատագրումը սուրբ եւ միջազգային օրէնքով ճանչցուած իրաւունքներ են: Ան ըսաւ, որ 25 մայիսը Լիբանանի պատմութեան մէջ էջ մըն է, որ ամէն օր կը յիշենք, որպէսզի անկէ ներշնչուելով իմանանք, թէ կրնանք մեծ նուաճումներ իրագործել:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը պէտք է ամբողջական ըլլայ եւ ոչ մասնակի` աւելցնելով, որ իրենց պատասխանատուութիւնն է պայքարիլ լիբանանեան դատին համար:

Ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս իրենք այլ ձեւի դիմադրութիւն կը կատարեն` երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական որոշումը ազատագրելու կեղեքումի եւ մենատիրութեան լուծէն:

«Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը մեծ համեմատութեամբ ամրապնդուած են: Մենք ներկայիս կը փափաքինք ամրապնդել լիբանանցին եւ մարդ արարածը, որպէսզի անոնք ազատօրէն եւ հաւասարութեամբ ապրին ամբողջ Լիբանանի տարածքին», յայտնեց ան:

Միւս կողմէ, Պասիլ Խիարայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Իթթիհատ կուսակցութեան կազմակերպած ռամատանեան իֆթարին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ, արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, երեսփոխան Սելիմ Աուն, նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ, յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէ-Ֆըրզոլի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոս, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:

Իֆթարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ յայտնեց, որ կարելի չէ բաւարարուիլ այն իրականութեամբ, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը մերժէ բնակեցումը, «որովհետեւ իրականութեան մէջ բնակեցումը արգիլողը մեր կամքն է, որ անփոփոխ է եւ միշտ կը պայքարի բնակեցման դէմ», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ ներկայիս բնակեցման վտանգը աւելցած է, որովհետեւ գաղթականին կողքին նաեւ Լիբանան հասած են նաեւ տեղահանուածները, որոնց մօտ Լիբանանի մէջ գոյատեւելու իսկական կամք կը շօշափենք: «Մեր պարտականութիւնն է անոնց տունդարձը կազմակերպել, երբ Սուրիոյ տագնապը փարատի եւ ամբողջական յաղթանակ յայտարարուի, ինչպէս որ մենք յաղթանակեցինք 25 մայիսին», ըսաւ Պասիլ:

Ան հաստատեց, որ իրենք բնակեցման ծրագիրը պիտի ձախողեցնեն, իսկ պաղեստինցի գաղթականն ու սուրիացի տեղահանուածը տունդարձ պիտի կատարեն:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան իւրաքանչիւր մարդ արարածի համար արժանապատուութեան հող է եւ ոչ թէ բնակեցումի վայր ու գաղթակայան:

Նշենք, որ Պասիլ երէկ այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի Մաժտալին, Ժեզզին, Մաքնունիէ եւ Քֆարժարրա շրջանները:

 

Նախորդը

Ժեմայէլ. «Տուրքերէ Փախուստ Տալու Իրականութեան 80 Առ Հարիւրը Սուրիոյ Հետ Կապուած Է»

Յաջորդը

«Այս Տարուան «Երուսաղէմի Օր»-ուան Կարգախօսը Պիտի Ըլլայ` Ընդդէմ Դարու Համաձայնագիրին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.