Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիլիթ Գալստեան. «Քաոսային Վիճակը Կը Խախտէ Հայաստանի Պետականութեան Հիմերը»

May 21, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երեւան թուտէյ»-ը վերջին քանի մը օրերու իրադարձութիւններուն մասին հարցազրոյց  կատարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Լիլիթ Գալստեանի հետ, որ ըսած է, թէ ամբողջ հասարակութիւնը զարմացած է, թէ ի՛նչ պատահած է. «Մենք բախում ունեցանք քաղաքական եւ իրաւական անհեթեթութեան հետ: Երկրի թիւ մէկ քաղաքական պատասխանատուն իշխանութեան ճիւղերէն մէկուն նկատմամբ հանդէս եկաւ ճնշումներու կոչով: Որքան փորձեցի այսօրուան նման միջադէպ աշխարհի մէջ գտնել` չկրցայ: Յեղափոխութիւնը ինքնիր մէջ հակայեղափոխութիւն կը պարունակէ: Քաոսային իրավիճակը կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան հիմերը», նշած է ան:

Ան դիտել տուած է, որ այս ամբողջ քաոսին պատասխանատուն Նիկոլ Փաշինեանն է, որ  նաեւ հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը կը կրէ: «Վտանգաւոր ընթացք է, մանաւանդ որ առանց անոր ալ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման եղող Հայաստանին նոր մարտահրաւէր կը հրամցուի: Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ շարունակ թշնամիներ փնտռելու մոլուցքը փիլիսոփայութիւն եւ բանաձեւ է այսօրուան իշխանութեան համար:

«Ասիկա սպառնալիք է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան: Երէկուան յայտարարութիւնը հաստատութենական փլատակներու տարաւ դատական ոլորտը», հաստատած է ան:

Լիլիթ Գալստեան լուսարձակի տակ առած է այն, որ մնայուն կերպով, տեղի-անտեղի ժողովուրդին յղում կատարելը, ժողովուրդին անունը շահարկելու առիթ եղած է: Մէկ կողմէ գործ ունինք իշխանութեան սահմանազանցման, միւս կողմէ` անգործութեան հետ: Անոնք ունէին բաւական երկար ժամանակ խորքային բարեփոխումներու, մանաւանդ դատաիրաւական ոլորտին մէջ: Մեր հասարակութիւնը արդարօրէն փոփոխութիւն կ՛ուզէր: Ժողովուրդի սպասումները չեն իրականացուիր, եւ արդարացի է ժողովուրդի ցասումը: Օրէնքով արգիլուած է դատաւորներու վրայ ճնշումը, ատիկա համաշխարհային օրէնք է: Մենք ունեցանք գործադիրի կողմէ ճնշում դատաիրաւականին վրայ: Ոստիկանութեան խնդիրն է արգիլել, բայց բոլորը կը սպասեն, թէ ինչպիսի՛ հրաման պիտի տայ վարչապետը, անկախ անկէ` օրինակա՞ն է, թէ՞ ոչ: Դաւադիրներ փնտռելը անհաւասարակշիռ վարքագիծ է: Բռնութեան խօսքի մակարդակը` ծեփելու, ասֆալտին փռելու, խօսքէն կը վերածուի գործի` տանելով անպատժելիութեան: Յաջողեցաւ ժողովուրդէն ամբոխ ստեղծել, իսկ ամբոխը կը ղեկավարուի վոհմակային մտածելակերպով»:

 

Նախորդը

Փաշինեան. «Հասած Է Դատական Համակարգին Մէջ Վիրահատական Միջամտութիւններ Կատարելու Ժամանակը»

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Հանրահաւաք Պիտի Կատարէ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.