Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակեան. «Կը Բացառեմ, Որ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Հետ Լարուածութիւն Ունենանք»

May 21, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20 մայիսին «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան հրաւէրով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցած է խմբակցութեան պատգամաւորներուն հետ, որոնց հետ քննարկած է բազմաթիւ հարցեր:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սահակեան պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ լարուածութեան: «Այդ լարուածութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւններուն մէջ արհեստական մաս կը տեսնեմ: Կը բացառեմ, որ մենք ունենանք այդպիսի լարուածութիւն: Իսկ եթէ նման պահեր ըլլան, մենք պարտաւոր ենք ամէն ինչ ընել եւ շրջանցել այդ բոլորը», հաստատած է ան:

Բակօ Սահակեանի համաձայն, Ստեփանակերտի մէջ կայացած հանդիպումներուն ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն այն մասին, որ առաջնահերթ խնդիրներուն մասին պէտք է միշտ խօսին, քննարկում կատարուի, եւ այս կարգի հանդիպումները կարելիութիւն կու տան նախանշելու յաջորդ առաջադրանքները:

Նախագահ Սահակեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով երաշխաւորութիւն ներկայացնելու հանգամանքին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այդ երաշխաւորութիւնը աւելորդ լարուածութիւն յառաջացուցա՞ծ է դատական գործին մէջ` ան ըսած է. «Մեր քայլը նպատակ չունէր յաւելեալ լարուածութիւն յառաջացնելու: Ընդհակառակն` այդ քայլը նպատակ ունէր մեղմացնելու լարուածութիւնը»: Ան յայտնած է, որ միջնորդութեան մէջ նշուած է, թէ ատիկա քայլ չէր` Հայաստանի դատական հոլովոյթը կասկածի տակ առնելու, այլ ընդամէնը միջնորդութիւն էր` խափանման միջոցը փոխելու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կ՛արձագանգէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուշագրաւ այն յայտարարութեան, թէ Արցախի մէջ կան ուժեր, որոնք կ՛ուզեն պատերազմ հրահրել եւ ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցնել Հայաստանի վրայ` նախագահ Բակօ Սահակեան ըսած է. «Եթէ կան այդպիսի գործիչներ կամ այդպիսի ուժեր, մենք պարտաւոր ենք բացայայտել զանոնք: Եթէ կան նման ուժեր, ապա ես ալ զանոնք կ՛որակեմ  դաւաճաններ: Ես չունիմ տեղեկութիւններ, թէ կան նման ուժեր կամ գործիչներ, որոնք կը նախապատրաստուին դաւաճանական գործողութիւններու»:

 

 

Նախորդը

«Ֆրիտըմ Հաուզ». «Միշտ Ալ Գոյութիւն Ունեցած Է Այն Վտանգը, Որ Փաշինեան Կը Կառչի Զինք Իշխանութեան Բերած Ամբոխավարութեան: Հասած Ենք Ատոր»

Յաջորդը

Փաշինեան. «Հասած Է Դատական Համակարգին Մէջ Վիրահատական Միջամտութիւններ Կատարելու Ժամանակը»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.