Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 21, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ձերբակալեց սուրիացիներ Սալահ Ղազի Ամերը, Ալա Թալալ Ամերը, Խալետ Ապտալլա Հըսայքին եւ Մոհամետ Հասան Մաշհատանին, որոնք կը պատկանին ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ 2014-ին Արսալի մէջ մասնակից դարձած են լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումներուն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը պիտի վաւերացուի` հաստատելով, որ անիկա պէտք չէ քաղաքական շահեր ապահովող ներդրումի վերածուի:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ առողջութեան եւ Լիբանանի մէջ ապահով սնունդի առումով պիտի շարունակեն այն արշաւը, որ օրին սկսած էին` տարբեր արտադրութիւններու պարագային առողջապահական ըլլալու չափանիշները ամբողջացնելու առումով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Տաուտ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանին եւ քաղաքացիին փրկութեան համար տարուելիք աշխատանքը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը իրարանցումի եւ վստահութեան չգոյութեան մթնոլորտ է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը պէտք է ըլլայ միաժամանակ բարեկարգչական եւ կրճատումներով լեցուն: Ան ընդգծեց, որ պետական ամավարկը պէտք է շուտով վաւերացնել` քաղաքական լարուածութեան վերջ տալու նպատակով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ այցելեց Մարոնիներու լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըրի եւ շնորհաւորեց զայն` անոր ընտրութեան առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի ողջունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարին, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ջանքերը` ընդարձակելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայանը:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ շինիչ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու խոչընդոտները փարատելու:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը յայտնեց, որ լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններուն մօտ հրթիռներու գոյութենէն զգուշացնող համակարգեր կը փորձարկէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլէյլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Համասի մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան պաղեստինեան իրադարձութիւններն ու Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններուն վերաբերող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Թուրքիայի Մեկուսացումը. Քաղաքական Խա՞ղ, Թէ՞ Իրականութիւն

Յաջորդը

Հասան Եաագուպ. «Բնակարանիս Դէմ Ուղղակի Կրակոցները Սպանութեան Նպատակով Կատարուած Են Եւ Վիրաւորած Զաւակս»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.