Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաթըրֆիլտ Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ցամաքային Եւ Ծովային Սահմանագծումը

May 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ սահմանագծումը կը նպաստէ հարաւային Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին` հիմնուելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վրայ:

Ան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն իրենց ներդրումը ունենալու այդ նպատակին իրականացման, յատկապէս` Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմանները յարգելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական իր շրջանէն կազ եւ նաւթ պեղելու եւ արտահանելու իրաւունքին առումով:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ այդ առնչութեամբ քննարկումները շարունակել:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սաթըրֆիլտը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:

Հանդիպումը ընթացաւ դրական եւ անկեղծ քննարկումի մթնոլորտի մէջ:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց Սաթըրֆիլտը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան օր մը առաջ արծարծուած նոյն հարցերը:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Հարիրի եւ Սաթըրֆիլտ ունեցած էին հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկած էին լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պասիլի Հետ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Սաթըրֆիլտը:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Սաթըրֆիլտ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Ազգային լրատու գործակալութեան յատուկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Պասիլի եւ Սաթըրֆիլտի միջեւ հանդիպումը շատ դրական եղած է:

Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ քննարկումները կեդրոնացած են Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումին վրայ` աւելցնելով, որ Պասիլի եւ Սաթըրֆիլտի միջեւ տեսակէտները նոյնանման եղած են:

ՆՇԵՆՔ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Սաթըրֆիլտ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին հաստատած է, որ Ուաշինկթըն բնաւ չէ շահագրգռուած Իրանի հետ լարուածութիւնը բարդացնելով: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Սաթըրֆիլտ յայտնած է, թէ իրանցիները պէտք է հասկնան, որ Միացեալ Նահանգներ լրջօրէն պիտի վերաբերին իրենց շահերուն սպառնացող որեւէ սպառնալիքի հետ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կը Սպասենք Պետական Ամավարկի Վաւերացումին Եւ Զայն Խորհրդարան Փոխանցելուն»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաղը Պիտի Շարունակէ 2019-ի Պետական Ամավարկի Իր Քննարկումները

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.