Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Կարճ Զրոյց Ունեցած Են

May 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կարճ զրոյց ունեցած են ընթացիկ իրավիճակին մասին:

Հայաստանի վարչապետը «Ազատութիւն» լրատուական կայանին յայտնած է, թէ տակաւին չեն յստակացուցած ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ յաջորդ բանակցութիւններուն օրն ու վայրը:

«Կարելի չէ որեւէ հակամարտութիւն լուծել` կեդրոնանալով միայն ներգրաւուած կողմերէն մէկուն շահերուն վրայ, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմնական խոչընդոտը Ազրպէյճանի դիրքորոշումն է` երկխօսութիւն չկատարել Արցախի հետ: Ճշմարտութիւնն այն է, թէ այս հակամարտութիւնը երեք կողմ ունի` Ազրպէյճան, Արցախ եւ Հայաստան: Մեր կարծիքով` շատ կարեւոր է ունենալ բանակցային պատշաճ շրջանակ, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել այս տագնապը», նշած է Հայաստանի վարչապետը:

Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ դարձեալ հանդիպելու ծրագիրներ կա՞ն` Հայաստանի վարչապետը պատասխանած է. «Տակաւին ծրագիրներ չկան, սակայն վստահ եմ, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին: Շատ կարեւոր է, որ Արցախը վերադառնայ բանակցային սեղանի: Առանց անոր կարելի չէ ունենալ հարցի իսկական լուծում»:

Փաշինեան եւ Ալիեւ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցէին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի կողմէ տրուած ճաշին` Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակին առիթով:

Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Վլադիմիր Կարապետեան 14 մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Փաշինեան – Ալիեւ զրոյցին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

Ըստ Կարապետեանի, միեւնոյն սեղանին շուրջ գտնուող Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարճ զրոյց ունեցած են, քննարկած են շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը, ոչ այդքան խորքային: «Այսինքն` իրավիճակին վերաբերեալ միտքեր փոխանակուած են», ըսած է Վ. Կարապետեան:

Ան յիշեցուցած է, որ կողմերուն միջեւ մնայուն կապ կա՞յ, խողովակ, որուն միջոցով ամէնօրեայ դրութեամբ տեղեկութիւններ կը փոխանակուին:

 

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Շրջան Պիտի Այցելեն

Յաջորդը

Չինաստանը Պատրաստ Է Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման Ու Այլ Ծրագիրներու Իրականացման

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.