Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

May 8, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 7 մայիս 2019-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի լիակատար նիստը` մասնակցութեամբ ժողովին վանաբնակ ու թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններուն:

Բացման իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցին վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ դնելու հրամայականը, որպէսզի անոր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը դառնան աւելի կազմակերպ ու նպատակասլաց: Եկեղեցին իր էութեամբ առաքելութիւն ըլլալով, ան կոչուած է իր դաւանած արժէքներուն ու աստուածատուր առաքելութեան լոյսին տակ ծառայական համապատասխան մօտեցումներ որդեգրելու` յարափոփոխ պայմաններու մէջ ապրող ու նորանոր մարտահրաւէրներով շրջապատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք ժողովին երկու համաատենապետները` Օշական արք. Չօլոյեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան յաջորդաբար վարեցին Կրօնական ժողովի միօրեայ հանդիպումը: Ժողովը լայնօրէն քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հետեւեալ նիւթերը. Քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ գործակցութիւն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններ, դպրեվանք, քահանայից պատրաստութիւն, ամառնային երիտասարդական սեմինար, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթ, ընկերաբարոյագիտական հարցեր, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն ու հրատարակութիւն, տեղեկատուական ու հրատարակչական աշխատանքներ, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու վերամշակում եւ ծիսական հարցեր:

Յիշեալ հարցերուն գծով ներկայացուեցան համապատասխան զեկուցումներ, կատարուեցան քննարկումներ, ճշդուեցան ուղեցոյցներ ու առնուեցան համապատասխան որոշումներ:

Իր փակման խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն ու ապա յատուկ կերպով շեշտեց թեմերու ճամբով Կրօնական ժողովի աշխատանքները մեր ժողովուրդին տանելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ ինչ որ եկեղեցին կը կատարէ, զայն պէտք է կատարէ իր մղումը առնելով Աստուածաշունչէն, մեր եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներէն եւ տանի մեր ժողովուրդին այնպիսի մօտեցումով ու շեշտաւորումով, որ համապատասխանէ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն ու մեր ժողովուրդի սպասումներուն: Մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ներթափանցումը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անմիջական մտահոգութիւն մըն է. հայ ընտանիքին հայեցի պահպանումը եւ հայ դպրոցին հայակերտումի առաքելութեամբ վերակենսաւորումը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ պէտք է գրաւեն, շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Յայտնենք, որ վաղը տեղի պիտի ունենայ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի լիակատար նիստը` նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիան Նոր Ուժեր Կը Կուտակէ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի Եւ Լեռնալիբանանի Սովի Յիշատակներուն Նուիրուած Խորհրդաժողով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.