Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Արձանագրուած Յաջողութիւններով Լիցքաւորուած` Նոր Նուաճումներու Կը Ձգտինք

May 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանի մը տասնամեակ առաջ չէինք կրնար երեւակայել, որ տարուէ տարի պիտի աւելնային Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները: Յուսահատութիւնը կրնար անդամալուծել Հայ դատի աշխատանքները: Այդ հոգեվիճակը յեղափոխական արարքներով յաղթահարելու ու արգելապատերը ճեղքելու համար էր, որ ոտքի ելան Արդարութեան մարտիկները եւ անոնց նուիրումի ու անձնազոհութեան ուժով կարելի եղաւ վառ պահել պահանջատիրութեան կրակը, մինչեւ  եկաւ ղարաբաղեան շարժումը ու նոր աւիշով ներարկուեցաւ ազգային մեր երթը:

Անկախացաւ մեր հայրենիքը եւ օժտուեցաւ պետականութեամբ, որ իր հերթին, տարուէ տարի, նախ շատ դեդեւկոտ, նոյնիսկ` երբեմն դժկամ, սակայն հետզհետէ աւելի ու աւելի կը վերցնէ ազգային մեր իղձերու եւ իտէալներու տէրը ըլլալու պատասխանատուութիւնը:

Այլեւս յստակ է ու անխուսափելի, որ մեր պետութեան գոյատեւման ու զարգացման ռազմավարութիւնն է, որ կը կազմաւորուի ու կը հիմնաւորուի, եւ որ` այդ ռազմավարութեան կարեւոր հիմնասիւներէն է հայոց պահանջատիրութեան, Հայ դատի հետապնդումը, մեր ժողովուրդի պատմական արդար իրաւունքներու վերականգնումը: Անկախ այն իրողութենէն, թէ այսօր կամ վաղը, մեր հնարաւորութիւններու ու տարածաշրջանի ուժերու յարաբերութեանց հետ պայմանաւորուած այդ ռազմավարութիւնը ի՛նչ մարտավարական քայլերով յառաջ կը տարուի, վախճանական նպատակակէտին հասնելու առաջադրանքով միայն կրնայ արդարանալ ժամանակաւոր դանդաղումներն ու տեղքայլները:

Սփիւռքի պարագային, միջինարեւելեան պահանջատիրական պայքարի օճախներուն դիմագրաւած տարաբնոյթ մարտահրաւէրները որոշ շրջաններու մէջ եթէ դժուարացուցին  անոնց գործօն դերակատարութիւնը կամ խոչընդոտեցին պայքարի զարգացման ու ընդլայնման փորձերը, այլ վայրերու մէջ, յատկապէս` արեւմտեան կողմն աշխարհի, քաղաքական դաշտ մտաւ մասնագիտական ու կազմակերպական նոր որակով օժտուած սերունդ մը, որ անցեալի աւանդները հարստացուց յարաբերական ժամանակակից կարելիութիւններով ու հնարաւորութիւններով:

Ֆրանսայի մէջ համայնքի կազմակերպման նոր բանաձեւը եւ զայն ղեկավարող գործիչներու ձեռնհաս ծրագրումն ու այդ երկիր քաղաքական միջավայրին մէջ զգալի ներկայութիւն ապահովելու յաջողութիւնը իսկապէս ներշնչող է: Այսօր միջազգային կարեւոր ու ազդեցիկ երկիրներէն հանդիսացող Ֆրանսայի մէջ Հայկական հարցի հանդէպ զգայնութիւն ստեղծելու աշխատանքները մեծ ոստումներով կը յառաջանան` արձանագրելով նկատելի նուաճումներ:

Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու տարածքին Հայ դատի յանձնախումբերը եւ անոր կողքին գործող միաւորները այսօր աւելի լայն ժողովրդային խարիսխով կը շարժին` տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակով քաղաքական կենսունակութեան նոր դրսեւորումներով հարստացնելով Հայաստանին ու Հայկական հարցին նպաստող յարաբերական աշխատանքները:

Ակնյայտ դարձած է նաեւ նորակազմ համայնքներու մէջ քաղաքական գործի աշխուժութիւնը, որուն շնորհիւ` կը նկատենք, թէ ինչպէ՛ս տարբեր երկիրներու մէջ մեծ ու փոքր քաղաքներ ու նահանգներ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւեր կ՛որդեգրեն: Այդ համայնքներուն միացած հայորդիները, ջերմացնող ջանադրութեամբ,  կ՛ընդարձակեն քաղաքական պայքարի աշխարհագրութիւնը` պաշարման հոգեբանութիւն յառաջացնելով ցեղապաշտ Թուրքիոյ իշխանաւորներուն մօտ:

Գիտենք, որ այս բոլորը իրաւական ու իրողական հետեւանքներ չեն կրնար ունենալ: Դեռեւս: Սակայն կարելի չէ թերագնահատելով անոնց քարոզչական ու մարտավարական արժէքը` ի վերջոյ թշնամիին պարտադրելու մեր օրակարգը:

Եւ դեռ հետագայ քայլերը մեր առջեւն են: Հայաստանի անկախացումէն ետք ահա 28-րդ տարին թեւակոխած ենք, սակայն հայրենի պետութիւն-սփիւռք համակարգումը շատ հեռու կը մնայ նախանձելի մակարդակի հասնելէ: Ինչ որ կը կատարուի, տարերային է` նուազագոյն ծրագրումով,  նուազագոյն համադրումով: Այլեւս անընդունելի է այսպէս անծրագիր աշխատիլը:

Ապագայի հանդէպ մեր լաւատեսութիւնը կը բխի այն գիտակցութենէն ու համոզումէն, որ հայրենի մեր իշխանութիւնները վերջապէս պիտի կարենան ճիշդ գնահատել սփիւռքի հնարաւորութիւնները եւ, աւելի կարեւորը, պիտի կարենան գտնել սփիւռքի հետ աշխատելու ամէնէն արդիւնաւէտ բանաձեւը:

Ապագան, այո՛, մերն է, մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր Դատին:

Նախորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Ճանաչումէն Հատուցում, Ազգային Դաւանանքի Կենսագործումը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 1,5 Միլիոնի Սուրբ Ուղին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.