Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ահաբեկչութիւն Սնուցող Երկիրները Ժողովրդավարութեան Եւ Մարդկային Իրաւունքներու Չեն Հաւատար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

April 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ֆրանսական եւ ամերիկեան միացեալ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ հայր Նեպիլ Մուաննեսի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը վկայած է մեծ թիւով պատերազմներ, որոնք կը կրեն այդ շրջանի երկիրներուն մէջ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման կարգախօսը:

Ան նշեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը սկսած է 1981-ին Աֆղանիստանի մէջ եւ ցարդ կը շարունակուի, իսկ շրջանը կը տառապի ահաբեկչութենէն եւ կը տուժէ անոր հետեւանքներէն, առանց իսկապէս ապրելու խոստացուած ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը: «Ընդհակառակն` ահաբեկչութիւնը շատ աւելի ընդարձակուած է եւ միջազգային մակարդակով տարածուած», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւն սնուցող երկիրները ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու չեն հաւատար:

«Իսկ վերջերս Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելը, իսկ Կոլանը իբրեւ իսրայէլեան հող ճանչնալը ոչ մէկ ձեւով ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն տարածել կը նկատուին: Ընդհակառակն` երկու արարքներն ալ բռնի ուժ գործադրելու տրամաբանութեամբ կատարուած են: Երուսաղէմը, որ երեք միաստուածեան կրօններու մայրաքաղաքն է, քրիստոնէական ներկայութիւն չունի այլեւս», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ եթէ շրջանին մէջ քրիստոնէութեան աղբիւրները ցամքին, ապա մարդկութեան աղբիւրները երաշտի պիտի ենթարկուին, եւ համատարած ծարաւ պիտի տիրէ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ: Քննարկուեցան երկրին դատական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական ու կրթական կարգ մը թղթածրարներու վերաբերող հարցեր:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրի:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանան Պատրաստ Է Ծովային Եւ Տնտեսական Շրջանի Սահմանագծում Կատարելու»

Յաջորդը

2019-ի Պետական Ամավարկի Քննարկումն Ու Անոր Վաւերացումը Անհրաժեշտութիւն Են

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.