Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խենթեր»-ու Փնտռտուքով

April 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթե՛րն են գտնում հնար»:

Պարոյր Սեւակի գրիչով եւ համայն հայ ժողովուրդի շրթներուն վրայ հնչող այս երգին բառերը կեանքի կը կոչեն ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման գործընթացէն անցած սրբազան մարտերն ու «խենթ» քաջագործութիւնները, այլ անգամ մը եւս պատմական փաստով կը հաստատեն, որ հնարամտութիւնը նաեւ «խենթութի՛ւն» է:

Ինչպէ՞ս երգել «Սարդարապատի յաղթերգ»-ը եւ չյիշել այն բոլոր «խենթեր»-ը, որոնք պատմութեան ու գրականութեան կողմէ կոչուեցան «չակերտեալ խենթեր»: Ինչպէ՞ս չյիշել նորագոյն պատմութեան սխրագործութիւններէն` Լիզպոնի գործողութիւնն ու հինգ տղաքը, որոնց յանդուգն «խենթութեամբ», գաղափարապաշտութեամբ եւ վճռակամութեամբ թնդաց ամբո՛ղջ աշխարհը: Ինչպէ՞ս չյիշել անոնց խօսքերը, որոնք դարձան հայ երիտասարդութեան վրէժխնդրութեան մոլուցքը պոռթկացնող լոզունգներ:

Ինչպէ՞ս չյիշել Սողոմոն Թեհլիրեան երիտասարդը, որ երկար դատավարութենէ ետք ազատ արձակուեցաւ «անգիտակից կամ մտաւոր գործունէութեան անցողակի խանգարման կացութեան մէջ» գտնուելու պատճառով: Ահա թէ ի՛նչ կը պատասխանէր Թեհլիրեան, երբ իրեն, հարցուցին, թէ ե՞րբ արթնցած էր Թալէաթը ահաբեկելու իր այդ գաղափարը. «Դէպքէն գրեթէ երկու շաբաթ առաջ ինքզինքս շատ վատ կը զգայի, եւ ջարդերու պատկերները դարձեալ աչքերուս առջեւ կը նկարուէին: Մօրս դիակը տեսայ. այդ դիակը ոտքի ելաւ, առջեւս կանգնեցաւ եւ ըսաւ ինծի. դուն տեսար, թէ Թալէաթը հոս է եւ անտարբե՞ր կը մնաս. դուն այլեւս իմ զաւակս չես» («Սողոմոն Թեհլիրեանի արդարահատոյցը», Պէյրութ, 2014):

Նոյն այն «խենթ»-երն են ասոնք, որոնք այսօր կ՛ապրին հերոսներու, ինչպէս նաեւ մեր դիւցազնական վէպերուն, առասպելներուն եւ յեղափոխական գրականութեան ընդմէջէն:

«Դուշմանը մեզ տուեց ջան ֆետայ անուն®»,

«Ահա անգութ մեր թշնամին, սարսափելի տեսարան, «ժամանակն է, վրէժ լուծել», գոչեց ձայնը հայկական®»,

«Այս անգամին ալ ցոյց տանք թշնամուն, թէ ի՛նչ է հայու ուժն ու քաջութիւն» եւ այլ ազգային յեղափոխական երգերով կ’ոգեւորուինք ու կ՛ոգեւորենք: «Խենթ»-երը հոն են նաեւ Րաֆֆիի, Նալպանտեանի, Սիամանթոյի Մալխասի եւ այլ գրողներու պատմութիւններուն մէջ: Պատմութիւնը լի է բազմաթիւ այլ դրուագներով նաեւ, ուր խենթութեան պատրոյգը, բռնկելով` խանդավառութեան կանչած է իր նմանները, ու մէկ առ մէկ,  խանդավառութեան այդ բոցը տարածուելով` ազդակ հանդիսացած է ապստամբութիւններու, զինեալ պայքարի, ֆիզիքական թէ մտաւոր աշխատանքի, դպրոցներու, կառոյցներու ու տուներու շինութեան:

Այս բոլորին մէջ անպայմա՛ն կար այն «խենթ»-ը, որ նետեց առաջին քայլը, կար այն «խենթեր»-ու փաղանգը, որ իր հաւատքն ու կամքը զօրացնելով` տեղի չտուաւ ժխտական ապագաներու տեսլականին:

Այս բոլորը այն կամաւոր բանակի «խենթեր»-ն էին, որոնց խիղճը կրցա՛ւ փախչիլ  լարուած թակարդներէն եւ վերադառնալ իր հայրենի բոյնը: Այն «խենթեր»-ը, որոնք կրցան արհամարհել ո՛չ միայն մահը, այլ ենթադրութիւնը, դատողութիւնը, քննադատութիւնը, անպատճառ գանգատը, թուլութիւնը, ծուլութիւնն ու կրաւորականութիւնը: Որոնք կրցան հոգեփոխել ու ոգեւորել: Գինովցած էին անոնք նպատակին, հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց սիրով, ինչպէս Պարոյր Սեւակ պիտի ըսէր. «Կեանքում ամէն սէր լինում է տարբեր, իսկ մենք բոլորս ենք քեզմով հարբել»®

Սիրոյ կողքին, բոլորիս մէջ կայ արիական ժառանգութիւն մը` չակերտեալ խենթութիւնը: Վկա՛յ այն հարուստ մշակոյթը, որ ծնաւ երկար տարիներու տառապանքէն ետք: Բոլորիս մէջ կայ որոշ չափով խանդավառութիւն, որ կրնայ նուազիլ կամ բազմապատկուիլ վայրկեանի մը մէջ: Խանդավառութիւն` պայքարի հանդէպ, խանդավառութիւն` պատերազմի հանդէպ խանդավառութիւն` աշխատանքի հանդէպ, խանդավառութիւն` ստեղծագործելու հանդէպ. եւ այս տարբեր տեսակի խանդավառութեան ապրումներն են, որոնք այսօր եւ ապագային պիտի ծլին ու ծաղկին: Նաեւ նոյն այդ խանդավառութեան ապրումներու կաշկանդումն է, որ դարձեալ եւ անպայմա՛նօրէն ծնունդ պիտի տայ նոր «խենթութիւններ»-ու:

Թո՛ղ ըսեն` խենթ ենք:
Թո՛ղ ըսեն` գաղափարապա՛շտ ենք:
Թո՛ղ ըսեն` «Ֆանաթիք», «ռոմանթիկ» ու «քլասիք» ենք:
Բայց թող ըսեն` երիտասա՛րդ ենք:

 

 

 

Նախորդը

Բաց Նամակ` Թրքական «Ենի Աքիթ» Օրաթերթի Խմբագրութեան Եւ Փարիզի Աստուածամօր Տաճարի Հրդեհէն Ուրախացող Թուրքերուն

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.